Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Վրաստանի Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Կը Կառուցենք Ժամանակի Ոգիին ու Մեր Հարուստ Ժառանգութեան Համահունչ. ՀՀ Նախագահ

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը տիկնոջ Ռիթա Սարգսեանի հետ պաշտօնական այցով մեկնեցաւ Վրաստան:

Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք Վրաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Գիորգի Մարգուելաշվիլիի առանձնազրոյցը, որուն յաջորդեց ընդլայնուած կազմով հայ-վրացական բարձր մակարդակի բանակցութիւնները` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Վրաստանի նախագահ Գիորգի Մարգուելաշվիլի ողջունեց բարեկամ Հայաստանի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Թիֆլիսի մէջ` ընդգծելով, թէ ուրախ է, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի տարին կ’աւարտի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նշանակալի այցով, որ նոր ազդակ պիտի հաղորդէ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման:

Հայաստանի եւ Վրաստանի նախագահները երկուստէք գոհունակութեամբ արձանագրած են ընթացիկ տարուան մէջ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճը, զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ նկատելի յառաջընթացը, շարք մը այլ ոլորտներու մէջ եւս զարգացող համագործակցութիւնը` միաժամանակ նկատելով, որ փոխգործակցութեան ներուժը շատ աւելին է, եւ անհրաժեշտ է զայն ամբողջութեամբ իրացնելու ուղղութեամբ երկուստէք հետեւողականօրէն շարունակել աշխատանքը:

Նախագահներ Սարգսեան եւ Մարգուելաշվիլի կարեւոր համարած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը` տարածաշրջանի երկիրներու բարեկեցութեան, տնտեսութիւններու զարգացման համար բարենպաստ պայմաններու ապահովման տեսանկիւնէ:

Ընդլայնուած կազմով հանդիպման ժամանակ պատուիրակութիւններու անդամները ներկայացուցած են իւրաքանչիւրը իր ոլորտի մէջ համագործակցութիւնը, իրականացուող համատեղ ծրագիրներու ընթացքը, ձեռքբերումներն ու խնդիրները եւ անոնց լուծման ու փոխգործակցութեան խորացման ուղղութեամբ յանձնարարութիւններ ստացած նախագահներէն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Գիորգի Մարգուելաշվիլիի յայտարարութիւնները մամուլի ներկայացուցիչներու առջեւ։ ՀՀ նախագահը վերահաստատած է բարեկամութեան, փոխըմբռնման եւ ներդաշնակութեան ոգիով Վրաստանի հետ համագործակցութիւնը խորացնելու պատրաստակամութիւնը:

«Մենք քննարկեցինք հարաւ կովկասեան տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերը: Այս պարունակին մէջ կարեւորեցինք իրարու համար զգայուն հարցերու նկատմամբ հաւասարակշռուած եւ կառուցողական մօտեցումներու պահպանումը: Մենք միակարծիք ենք, որ հակամարտութիւններու համապարփակ եւ երկարաժամկէտ կարգաւորումը հնարաւոր է բացառապէս խաղաղ ճանապարհով` համաձայնեցուած ձեւաչափերու շրջանակի մէջ միայն բանակցութիւններու միջոցով:

«Մեր բոլոր բանակցութիւններու ընթացքին մենք մշտապէս ջանք կը գործադրենք ստանալու այնպիսի փաստաթուղթեր, այնպիսի յայտարարութիւններ, բանաձեւեր, որոնք որեւէ կերպով չեն վնասեր Վրաստանի շահերուն: Կը կարծեմ, որ ե՛ւ հայկական կողմէ, ե՛ւ վրացական կողմէ այսպիսի դիրքորոշման պահպանումը միայն ու միայն օգուտ կրնայ բերել մեր ժողովուրդներուն», – ըսած է ՀՀ նախագահը:

Ի պատիւ Սերժ Սարգսեանի եւ տիկին Ռիթա Սարգսեանի` Վրաստանի նախագահ Գիորգի Մարգուելաշվիլիի եւ տիկին Մակա Չիչուայի անունէն տրուած է պաշտօնական ընթրիք:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Գիորգի Մարգուելաշվիլի հանդէս եկած են փոխադարձ բաժակաճառերով, ուր անդրադարձած են յարգանքի ու փոխվստահութեան վրայ խարսխուած հայ-վրացական միջպետական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ եւ վրացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներու մէջ երկկողմ կապերու ամրապնդման հեռանկարին։

Պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ իր ելոյթին մէջ Սերժ Սարգսեան ըսած է, որ «մենք իւրայատուկ ջերմութեամբ կը վերաբերինք Վրաստանին ու վրացականին»:

«Այսօր մեր կենցաղին մաս կը կազմեն թէ՛ վրացական ֆիլմը, երգն ու պարը եւ թէ՛ վրացական հացը, գինին եւ խոհանոցը», – նկատել տուած է Հայաստանի ղեկավարը:

Գիորգի Մարգուելաշվիլին իր ելոյթին մէջ ըսած է, որ «մեր բարեկամութեան գաղտնիքը միայն Քարթլոսի եւ Հայոսի առասպելական եղբայրութիւնը չէ»:

«Մեր մշակոյթը, արուեստը, բանահիւսութիւնը, աւանդոյթները իրարու հետ փոխշաղկապուած են, իսկ պատմութիւնը յագեցած է փոխսատարման օրինակներով:
Ճիշդ այդ մէկը մեզի հնարաւորութիւն տուած է յաղթահարելու բազմաթիւ փորձութիւններ, միաւորած է մեզի բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դէմ եւ պահպանել տուած այն ինքնատիպութիւնը, ինչով այսչափ կը հպարտանան մեր ժողովուրդները», – շեշտած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին