Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Նախագահի Նստավայրին Մէջ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան Տօներուն Առթիւ Մեկնարկեցին Երեխաներու Համար Կազմակերպուած Տօնական Ձեռնարկները

Նախագահի նստավայրին մէջ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ մեկնարկեցին երեխաներու համար կազմակերպուած տօնական ձեռնարկները, որուն կը մասնակցին շուրջ 1000 երեխաներ մայրաքաղաքէն, Հանրապետութեան մարզերէն եւ Արցախէն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան ձեռնարկներու ծիրէն ներս այսօր առաւօտեան հիւրընկալեցին սահմանամերձ շարք մը համայնքներու երեխաներ: Տօներուն առթիւ Դեկտեմբեր 25-ին Նախագահի նստավայր պիտի այցելեն նաեւ առարկայական ողիմպիականներու («Կենգուրու», «Մեղու») մրցանակակիր, սահմանափակ կարողութիւններով (հաշմանդամ) եւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ երեխաներ:

Ներկայութեամբ փոքրիկ հիւրերու՝ հանդիսաւորութեամբ լուսաւորուեցան նստավայրի տօնածառի լոյսերը, եւ մեկնարկեց տօնական ձեռնարկը: Հանրապետութեան նախագահը իր եւ տիկին Ռիթա Սարգսեանի անունով ջերմօրէն շնորհաւորեց ձեռնարկի մասնակիցները ու բոլոր երեխաները Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթով։

Նախագահ Սարգսեան, բարեմաղթանքներ յղելով մասնակցիներուն, յատկապէս ըսաւ․ «Կը ցանկանք, որ 2018 թուականին, այսինքն` Նոր տարուան մէջ, ձեր բոլոր երազանքները իրականան: ․․․ Բայց բոլորդ պէտք է շատ յստակ գիտակցիք, որ ձեր երազանքներու իրականացումը կախուած է նաեւ ձեզմէ»:

Ան յորդորոց, որ երեխաները լաւ սորվին, աշխատին, եւ ձգտին, որպէսզի հասնին իրենց երազանքներուն։ Ան կաղանդ պապային անունով մաղթեց, որ մեր երեխաները ըլլան միշտ առոյգ, զուարթ, միշտ ժպտին  եւ որեւէ բանի կարիք չունենան:

Հանրապետութեան նախագահը խնդրեց երեխաներէն՝ Կաղանդ պապային եւ Ձիւնանոյշի ներկայութեամբ հնչեցնեն իրենց ցանկութիւններն ու երազանքները:

Բաղրամեան 26-ի մէջ Ամանորի նախաշեմին երեխաներուն համար կազմակերպուող աւանդական դարձած տօնական ձեռնարկներու ծիրէն ներս վաղը` Դեկտեմբեր 26-ին, պիտի հիւրընկալուին նաեւ Հայաստանի Զինուած ուժերու զինծառայողներու, Արցախեան ազատամարտի, ինչպէս նաեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած, հաշմանդամ դարձած զինուորներու, Երկրապահ կամաւորական միութեան, ՀՀ ոստիկանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու ընտանիքներու երեխաներ եւ թոռնիկներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին