Ամանորը եւ Սբ. Ծնունդը բոլորիս համար սիրուած ու սպասուած տօներ են, որովհետեւ անոնց թարմ շունչը կը պարուրէ մեզ բոլորս: Ամէնուրեք կը տիրէ բարի կամեցողութիւնը, ձեռք մեկնելու պատրաստակամութիւնը, սէրն ու լաւատեսութիւնը:
Տարեվերջի եւ տարեմուտի այս օրերուն, անցնող տարին ճամբու պիտի դնենք մեր արձանագրած ակնյայտ ձեռքբերումներով, ինչպէս նաեւ գալիք տարին պիտի դիմաւորենք աւելի լաւ ակնկալիքներով՝ կրկնապատկելով մեր ջանքերն ու կարողութիւնները աւելի լաւ ապագայի մը համար:
Հետեւաբար Ամանորի եւ Սբ. Ծննդեան տօներուն առիթով, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի հրաւէրով մեր աշակերտները ( Ա-էն 4- րդ դասարաններու) ներկայ գտնուեցան «Fantastic World»–ի կազմակերպած գեղարուեստական յայտագիրին, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2017-ին առաւօտեան ժամը 11:30–ին Միշէլ Մըրի մարզահամալիրի սրահին մէջ:
Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2017-ին վարժարանիս «Յակոբ Պարսամեան» սրահէն ներս կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ մը: «Samaritan’s Purse» կրօնա-դաստիարակչական հաստատութիւնը եկած էր ներկայացնելու թատերգութիւն մը, ինչպէս նաեւ մանկամսուրէն Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներուն փոխանցելու նուէրներ: Իսկ Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն աշակերտները անօթի ներկայացան դպրոց եւ ուղղուեցան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր հաղորդուեցան Յիսուս Քրիստոսի արեամբ ու մարմնով, ապա Նոր Տարուան յատուկ աշակերտական խրախճանքը տեղի ունեցաւ վարժարանիս սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցան զանազան զուարճալի խաղեր, ինչպէս նաեւ հրամցուեցաւ ճաշ «Mc Donald’s» -էն «Ժպիտ » բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ:
Վերջապէս մեր աշակերտներուն ուրախութիւնը ամբողջացաւ, երբ Նախ.Ա-էն Միջն Գ. դասարանի աշակերտները ստացան Կաղանդչէքը՝ տրամադրուած վարժարանիս Ծնողաց Յանձնախումբին կողմէ: Նախ. Ա- էն Գ. Դասարաններու աշակերտները ստացան նուէրներ ազգային բարերարի մը կողմէ:
Իսկ մանկապատէզի փոքրիկները երգելով, պարելով ու կազմակերպուած խաղերով կը սպասէին Կաղանդ Պապուկին: Արդեօք ինչո՞ւ ուշացաւ ան: Աշակերտներուն ուրախութիւնը անսահման եղաւ, երբ անոնք լսեցին զանգակին ձայնը, ու ահա ներս մտաւ Կաղանդ Պապուկը հիւսիսային եղջերու՝ «Ռուտոլֆ»-ի ընկերակցութեամբ: Ան բաժնեց նուէրներ՝ տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի, վարժարանիս Ծնողաց յանձնախումբի, ազգային բարերարի, ինչպէս նաեւ «Հերիդաժ» տպարանի կողմէ: Կաղանդ Պապուկը հրաժեշտ տալէ առաջ խոստացաւ յաջորդ տարի դարձեալ այցելել Վահան Թէքէեան Վարժարանի մանկապարտէզը: «Ժպիտ» կազմակերպութեան կողմէ մանկապարտէզի փոքրիկներուն ալ հրամցուեցաւ ճաշ: Տուն վերադարձին աշակերտները իրենց պատրաստած ձեռայիններով ու նուէրներով ուրախ տրամադրութեամբ՝ ցտեսութիւն մաղթելով բաժնուեցան իրարմէ:
Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սբ. Ծնունդ կը մաղթենք բոլորին: Թող 2018 թուականը ըլլայ խաղաղութեան, բարեկեցութեան եւ յառաջընթացի տարի մը բոլորիս համար: