Համաշխարհային զբօսաշրջութեան յայտնի «Fodor`s» տեղեկատուական կայքը 2018 թուականի տասը նախընտրելի զբօսաշրջային ուղղութիւններուն մէջ ներառած է նաեւ Հայաստանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Panorama.am»-ը՝ յղում կատարելով «Nouvelle d`Armenie»-ին:
«Անիկա փոքրիկ, հիւրընկալ կովկասեան երկիր է, որ ունի հարուստ մշակոյթ ու պատմութիւն»,- նշած է կայքը եւ կոչ ուղղած զբօսաշրջիկներուն` այցելելու Հայաստան: «Հայաստանը բնութեան զբօսաշրջութեան համար երազանքի երկիր է, այստեղ արշաւներու միջոցով դուք կրնաք տեսնել երկրի զարմանահրաշ բնութիւնը… Երեւանը 3000 տարեկան է, բայց անիկա կը քալէ աշխարհին համընթաց` իր բազմաթիւ նոր գինետուներով, խանութներով, ճաշարաններով, որոնք բաց են ամէն օր»,- նշուած է կայքին մէջ:
«Fodor`s»-ի փորձագէտները խորհուրդ կու տան Հայաստան այցելելու գարնան կամ աշնան, երբ կը կազմակերպուին փառատօններ` բաց երկնքի տակ: