Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի (COAF) 14-րդ տարեկան երեկոյթի ընթացքին Շաբաթ, 16 Դեկտեմբերին հանգանակուեցաւ 3.6 միլիոն տոլար: Նիւ Եորքի յայտնի Սիփրիանիի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած երեկոյթի գլխաւոր հիւրերու շարքին էին` Թոնի Շաֆրազ, դերասանուհի Անտրէա Մարթին, ձեւաւորող Մայքըլ Արամ, խոհարար Ճէոֆրի Զաքարեան, դերասան ու երգիչ Վանեսա Ուիլիըմզ եւ ուրիշներ:
«Ասպարէզ»-ի տեղեկութիւններով՝ երեկոյթի ընթացքին ոգեւորող ելոյթով հանդէս եկաւ եւ Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լեռնագոգ գիւղէն 16-ամեայ Նարէ Գալստեան:
Երեկոյթի ընթացքին հանգանակուած ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի գիւղական շրջաններու մէջ Հիմնադրամի ձեռնարկած կրթական, առողջապահական եւ ընկերային ծրագիրներու իրականացման: Առանձին ուշադրութեան պիտի արժանանայ նորարար «SMART» նախաձեռնութիւնը, որ կ’առաջադրէ թուային արհեստագիտութեան կրթութիւն ջամբել գիւղացի երեխաներուն:
Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի նախագահն ու հիմնադիրն է տոքթ. Կարօ Արմէն: