Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

2018-ին Աղաւնոյի Մէջ Շահագործման Պիտի Յանձնուի եւս 25 Առանձնատուն

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ «ԱՐԻ» բարեգործական հիմնադրամի համաֆինանսաւորումով՝ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ համայնքի Արիաւանի նոր բնակելի թաղամասին մէջ երկրորդ փուլով կառուցուող 25 առանձնատուները աւարտման փուլի մէջ են. անոնք շահագործման պիտի յանձնուին 2018 թուականի գարնան:

 

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Քաշաթաղի շրջվարչակազմի աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանը:

Ան նշած է, որ առաջին փուլով արդէն իսկ շահագործման յանձնուած է 25 առանձնատուն: Ըստ անոր` ներկայիս ալ կը կատարուին առանձնատուներու ներքին յարդարման աշխատանքներ:

Մեր զրուցակիցին խօսքով` կառուցուող առանձնատուները պիտի յատկացուին բազմազաւակ ընտանիքներուն, զինուորականներուն, սուրիահայերուն:

«Արիաւան թաղամասի մէջ առանձնատուներու կառուցման ծրագիրը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ: 2018 թուականին կը նախատեսուի եւս 16 նոր առանձնատուն կառուցել: Նման ծրագիրներով կը փորձենք լուծել վերաբնակիչներու եւ այնտեղ ապրող ընտանիքներու բնակարանային խնդիրները»,- աւելցուցած է Դ. Դաւթեան:

 

Նշենք, որ «ԱՐԻ»-ն հիմնադրուած է 2009 թուականին լիբանանահայ գործարարներու կողմէ` Արցախի հանրապետութեան Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու նպատակով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին