Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

2017-ի Առաջին 9 Ամիսներուն Հայաստան Այցելած Է 1.1 Միլիոն Զբօսաշրջիկ

Հայաստան այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն ժամանած է 1.1 միլիոն զբօսաշրջիկ, ինչ որ 21 տոկոսով աւելի է անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն:

Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան Դեկտեմբեր 19-ին հրաւիրուած տարեկան ամփոփիչ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուց այս տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքն ու յոյս յայտնեց, որ ընդհանուր առմամբ 2017-ին Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը կրնայ հասնիլ 1.5 միլիոնի:

Զէյթունցեանի խօսքով` անցեալ տարուան համեմատ աճած է նաեւ ներքին զբօսաշրջիկներու թիւը:

Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած է 200 հազար տոլար պիւտճէով մը, 2018-ի պիւտճէով այս թիւը կրկնապատկուած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին