Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Սուրիահայ եւ Իրաքահայ Գաղթականներուն Օգնելու Կոչ Ըրած է

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը ամանորին ընդառաջ Պոլիս ապաստանած սուրիահայերուն ու իրաքահայերուն օգնելու կոչ ըրած է տեղի հայ համայնքին:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Պոլսոյ մէջ գտնուող մօտ 200 սուրիահայերուն ու իրաքահայերուն օգնելու համար պոլսահայերը կրնան կանխիկ գումար տալ Պոլսոյ  շարք մը հայկական եկեղեցիներուն` նշելով նուիրատուութեան նպատակը:

Կը նշուի, որ օգնել ցանկացողները կրնան իրենց նուիրատուութիւնը իրականացնել մինչեւ Դեկտեմբեր 24:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին