Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

ՀՀ ԱԳ Նախարարը Հանդիպած է Ֆրանսայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Այցելութեան բերումով Փարիզ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպում ունեցած է ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին Էդուարդ Նալպանտեան ներկայացուցած է Ֆրանսա իր այցելութեան նպատակները եւ օրակարգը, հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու յետագայ ամրապնդման ու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:

Նախարարը հանգամանալից անդրադարձած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն, հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն:

Էդուարդ Նալպանտեան Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով նախատեսուած համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին:

ԱԳՆ ղեկավարը հանդիպման մասնակիցներուն ծանօթացուցած է միջազգային ու տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներուն, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն:

Էդուարդ Նալպանտեան անդրադարձած է Վիեննայի մէջ կայացած ԵԱՀԿ նախարարական խորհուրդի արդիւնքներուն, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան:

Ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին առանձնայատուկ տեղ յատկացուած էր Երեւանի մէջ յաջորդ տարի կայանալիք ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին