Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հայաստանի եւ Իրանի Մէջ Երկրաշարժ Տեղի Ունեցած է

Հայաստանի տարածքին երկրաշարժ արձանագրուած է։ Դեկտեմբեր 21-ին տեղական ժամանակով` ժամը 01:40-ին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու երկրաշարժական  ցանցի կողմէ արձանագրուած է երկրաշարժ Գաւառ քաղաքէն 20 քմ․ արեւմուտք, օճախի 5 քմ խորութեամբ, 2.7 աստիճան ուժգնութեամբ:

Ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կեդրոնին մէջ կազմած է 3-4 բալ:

Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մօտ՝ Մալարտ քաղաքին մէջ երկրաշարժ տեղի ունեցած է 5.2 աստիճան ուժգնութեամբ: Վիրաւորներու կամ աւերներու մասին տեղեկութիւններ դեռ չկան, կը յայտնէ Reuters-ը:

Բնակիչներէն խնդրած են հանգստութիւն պահպանել, սակայն իշխանութիւնները հնարաւոր յետցնցումներու մտավախութիւն ունին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին