Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Բացուած է Հայերու Կողմէ Կառուցուած Շինութիւններու Ցուցադրութիւն

Թրքական ճարտարապետութեան թանգարանին մէջ բացուած է օսմանեան կայսրութեան շրջանին հայերու կողմէ կառուցուած շինութիւններու առցանց ցուցադրութիւն, կը հաղորդէ «armedia.am»-ը:

«Հայ ճարտարապետները ակնառու դեր ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան տարածքին դղեակներու եւ պետական մարմիններու շէնքերու կառուցման մէջ: Կայսրութեան ճարտարապետներու միութիւնը, որ ղեկավարած է այդպիսի շինարարական նախագիծեր, միշտ ներառուած են հայ ճարտարապետները», –կ’ըսուի ցուցադրութեան նկարագրութեան մէջ:

Թանգարանի կայքին մէջ կը պատմուի Պալեան գերդաստանի 5 սերունդներու՝ Կ. Պոլսոյ մէջ նախագծած եւ կառուցած բազմաթիւ մեծ շինութիւններու մասին: Պալեան ընտանիքին կողմէ կառուցուած ամենախոշոր շինութիւնը Տոլմապահչէն է, որ կը համարուի 19-րդ դարու աշխարհի լաւագոյն ապարանքներէն մէկը:

Թանգարանի կայքին մէջ կը նշուի նաեւ, որ 16-րդ դարուն օսմանեան գլխաւոր ճարտարապետը եւ ճարտարագէտ-շինարարը հայկական ծագում ունեցող Միմար Սինան է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին