Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

750,000 Տոլարի Գումարով Հիմնադրամ` Կաթողիկոսարանին Մէջ

19 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ միաբան հայրերու ու հիւրերու ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Վերոնիք Կարեւորեանը:

Նախքան պարգեւատրումը, ֆրանսերէնով կարդացուեցաւ Վերոնիքի ողբացեալ ամուսնոյն` տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի կենսագրութիւնը եւ յատկապէս իր բերած նպաստը հայ գրականութեան ու մշակոյթին: Ապա, ֆրանսերէնով խօսք առնելով վեհափառ հայրապետը, նշեց, թէ հայ մշակոյթը տիրական ներկայութիւն եղած է տոքթ. Կարեւորեանին, ինչպէս նաեւ տիկին Վերոնիքի կեանքին մէջ, հակառակ ֆրանսացի ըլլալուն:  Ան յայտնեց, որ իբրեւ յիշատակ իր ամուսնոյն, տիկին Վերոնիք 750.000 ամերիկեան տոլարի գումարով հիմնադրամ մը հաստատած է կաթողիկոսարանին մէջ, որուն նպատակը պիտի ըլլայ քաջալերել հայ-ֆրանսական մշակութային յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէնի ուսուցման առնչուած ծրագիրները:

Հիմնադրամի յանձնախումբին մաս կը կազմեն Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Վերոնիք Կարեւորեան եւ Միմի Եոզկաթեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին