Երևանի Հանրապետութեան հրապարակի Դեկտեմբեր 19-ին Երեւանի ժամով 20:00-ին վառեցան Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր տօնածառի լոյսերը:
Այսպիսով մայրաքաղաքին մէջ ամանորեան ձեռնարկներուն մեկնարկը ազդարարուեցաւ:
«Արմենփրէս»-ը կը յայտնէ, որ ներկայ քաղաքացիները ծափողջոյններով ընդունեցին գլխաւոր տօնածառի լոյսերուն վառիլը: Լոյսերու վառելու հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր նաեւ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:
Արարողակարգը սկսաւ տօնական երգերով եւ ամանորեան ծրագիրով ու աւարտին հասաւ գեղեցիկ հրավառութեամբ:
Նոյն ժամուն վառեցան նաեւ մայրաքաղաքի արտաքին տօնական լոյսերը:
Մայրաքաղաքի տօնական ձեռնարկները կը շարունակուին մինչեւ 13 Յունուար 2017: