Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Ամանորի Գիշերը Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ Պիտի Կատարուի Նռնօրհնէք

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ` Ամանորի գիշերը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Գոհաբանական մաղթանքին պիտի յաջորդէ նուռի օրհնութիւնը: Նռնօրհնէք պիտի կատարուի Հայաստանեաց Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Ամանորի խորհրդանշական աւանդոյթ դարձած արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ 2014 թուականէն ի վեր:

Հայկական աւանդութեան մէջ նուռը` որպէս ազգային            խորհրդանիշ, կը կրէ կեանքի, ծաղկունքի եւ առատութեան իմաստը:

Քրիստոնէական խորհրդաբանութեան մէջ նուռը                      խորհրդապատկերն է Յիսուս Քրիստոսի հեղած արեան` խորհրդանշելով նաեւ տիրոջ          հրաշափառ յարութիւնն ու Աստուծոյ շնորհներու բազմազանութիւնը:

Հայոց եկեղեցու վարդապետներու եւ հայրերու մեկնութիւններուն մէջ նուռը կը ներկայացուի նաեւ այն իմաստով, որ նուռի հատիկներուն պէս եկեղեցւոյ անդամները շատ ու բազմատեսակ են, սակայն պատուած են նռան նման պինդ կեղեւով` միաւորուած մէկ եկեղեցւոյ մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին