Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Ստեփանակերտի Մէջ Կայացած է «Կաղանդաւան»-ի Բացման եւ Գլխաւոր Տօնածառի Լոյսերու Վառման Արարողութիւնը

ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Դեկտեմբեր 19-ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կայացած է ամանորեայ քաղաքի` «Կաղանդաւան»-ի բացումը:

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ «Կաղանդաւան»-ի բացման սկիզբը ազդարարուած է Ստեփանակերտի Ազատութեան հրապարակէն տօնական քայլերթով, որ ուղեկցուած է ազգային տարազներով երգ ու պարով:

Քայլերթի ժամանակ Ղարաբաղի այան՝ Արցախի բարբառով օրհնած է  ներկաները` բոլորին մաղթելով արեւշատութիւն:

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հիմնուած «Կաղանդաւան»-ի բացման պատիւը տրուած է Կաղանդ Պապային:

Այնուհետեւ, ձեռնարկի մասնակիցները շրջած են ամանորեայ աւանին մէջ տեղադրուած տաղաւարներով, ծանօթացած վաճառուող տօնական ապրանքներուն: Իսկ փոքրիկները Կաղանդ Պապային հետ պատրաստած են ամանորեայ նուէրներ, խաղալիքներ, բացիկներ:

ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահուերդեան, զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ այս տարի առաջին անգամ հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղադրուած ամանորեայ զարդարանքներով 16 տնակներու մէջ վաճառքի հանուած են ձեռագործ  աշխատանքներ, ամանորեայ յուշանուէրներ: Տաղաւարներուն մէջ իրենց կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները կրնան վաճառել Արցախի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները, ինչպէս նաեւ ուսումնական հաստատութիւններ յաճախող աշակերտները եւ մանկատան սաները: Տաղաւար յատկացուած է նաեւ փոքրիկներու համար, ուր անոնք հմուտ ուսուցիչներու հսկողութեամբ կրնան պատրաստել ամանորեայ խաղալիքներ:

Նախարարին խօսքով` Դեկտեմբեր 18-էն 12 օր շարունակ «Կաղանդաւան»-ի մէջ պիտի կազմակերպուին ամանորեայ տօնական ձեռնարկներ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան նախատօնական օրերը աւելի հետաքրքրական ու բովանդակալից դարձնելու:

«Կաղանդաւան»-ի բացումէն ետք տեղի ունեցած է Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած 16.5 մ բարձրութիւն ունեցող հանրապետութեան գլխաւոր տօնածառի լոյսերուն վառման արարողութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին