Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Թուրք Պատմաբանը Սեւան Նիշանեանի Հետ Հանդիպած է

Թրքական անհիմն հետապնդումներէն Յունաստան փախած պոլսահայ յայտնի լեզուաբան Սեւան Նիշանեանը Twitter–ի իր էջին տեղադրած է թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամի հետ իր նկարը: Այս մասին կը հաղորդէ «Artsakhpress.am»-ը։

«Թաներ Աքչամի հետ Թուրքիոյ ապագային հետ կապուած նախագիծեր կազմելու գործընթացին մէջ ենք: Չանհանգստանաք, լաւ պիտի ըլլայ»,- գրած է Նիշանեանը նկարի տակ:

Նշենք, որ Թաներ Աքչամը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապացուցող բազմաթիւ պատմական աշխատութիւններու հեղինակ է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին