Կազմակերպութեամբ «Ռատիօ Երազ»-ի, Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2017-ին Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ մանկական երգերու մեկնաբան Սոնայի «Կախարդուած Նոր Տարին» խորագիրը կրող ամանորեան առաջին ելոյթը, ներկայութեամբ տեղական եւ օտար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն, ծանուցումներու պետական ընկերութեան տնօրէնութեան, արաբ եւ ռուս հիւրերու եւ մեծաթիւ փոքրիկներու։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Ելոյթի նախօրէին, Հալէպի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ առաջին անգամ ըլլալով տեղադրուեցան ձեռնարկի հայատառ ծանուցումները ներկայացնող լուսաւոր ցուցափեղկեր։
Ելոյթը պիտի կրկնուի յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին։