Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Ժամանակ Սեբաստիոյ Հայերու Կոտորածին Մասին Պատմող Գիրք Մը Հրատարակուած է

Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Սեբաստիոյ հայերու կոտորածին ու աքսորին մասին պատմող նոր գիրք մը, այս մասին կը հաղորդէ գիրքը լոյս ընծայած Պոլսոյ «Արաս» հայկական հրատարակչութեան պաշտօնական կայքը:

Մուրատ Աթաշի կողմէ գրի առնուած «Արմինէ. (Չարաք լերան աքսորը)» կոչուող վէպը, որ հիմնուած է իրական դէպքերու վրայ, կը պատմէ պատմական Սեբաստիոյ գիւղերէն մէկու մը հայ բնակչութեան` Ցեղասպանութեան տարիներուն ապրած զրկանքներուն ու այդ տարածքին մէջ հայերու եւ թուրքերու յարաբերութիւններուն մասին:

Վէպը համեմուած է նաեւ գլխաւոր գործող անձի` Արմինէի ու անոր ընտրեալ Ջիւանի սիրոյ պատմութեամբ ու կը պատմէ Ցեղասպանութեան հետեւանքով խեղուած ճակատագիրներու մասին:

224 էջնոց թրքերէն վէպը խմբագրած է պոլսահայ մտաւորական, «Ակօս» պարբերականի նախկին խմբագիր եւ «Արաս» հրատարակչութեան ղեկավար Ռոպեր Քոփթաշը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին