Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Քլինթ Իսթուուտը Ֆիլմ Նկարահանած է Հայ Դասախօսի Օգնութեամբ Կանխուած Ահաբեկչութեան Մասին

Ամերիկացի բեմադրիչ Քլինթ Իսթուուտը ֆիլմ նկարահանած է Սորպոնի համալսարանի, ծագումով հայ դասախօս Մարք Մուղալեանի օգնութեամբ Ամսթերտամ-Փարիզ ճեպընթացին մէջ կանխուած ահաբեկչական գործողութեան մասին:

2015 Օգոսոտոս 21-ին Փարիզէն Ամսթերտամ մեկնող ճեպընթացի ուղեւոր Մարք Մուղալեանը առաջինն էր, որ նկատած էր 25-ամեայ մարոքացի ահաբեկիչ Սիւպա Ալ-քազանը, որ իր Քալաշնիքով տեսակի ինքնաձիգով հասցուցած էր կրակել ուղեւորներէն մէկուն վրայ եւ վիրաւորած զայն: Մուղալեանը փորձած էր վնասազերծել ահաբեկիչը ու խլել անոր հրազէնը, սակայն ահաբեկիչը կրակած էր Մուղալեանի վրայ եւ վիրաւորած զինք եւս: Օգնութեան հասած էին ճեպընթացի երեք ամերիկացի ուղեւորներ, որոնք յաջողած էին վնասազերծել ահաբեկիչը:

Մուղալեանը իր սխրանքին համար Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի կողմէ պարգեւատրուած էր Պատուոյ լեգէոնի սպայական շքանշանով:

The 15:17 to Paris կոչուող ֆիլմին անդրանիկ ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 9-ին: Ամերիկեան «Warner Bros. Pictures» շարժանկար արտադրող ընկերութիւնը արդէն հրապարակած է ֆիլմին trailer-ը։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին