Դեկտեմբեր 18-ին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, նշանաւոր հայագէտ, մատենագէտ, աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան դոկտոր Գարեգին Յովսէփեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ցուցահանէս:
Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ ձեռնարկը նախաձեռնած են Արցախի հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը եւ ՀՀ ազգային արխիւը:
Ցուցահանդէսին ներկայ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան հարցերու նախարար Սերկէյ Շահուերտեան ըսած է, որ արցախեան ծագումով մեծ հայորդիի` Գարեգին Յովսէփեանի կենսագործունէութիւնը ժամանակակիցներուն եւ յաջորդ սերունդներուն տուած է համազգային ու համապետական նշանակութիւն ունեցող անհատի վառ օրինակ:
«Ըլլալով բազմակողմանի զարգացած ու կրթուած` ան շատ խոր կերպով կ’ընկալէր հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող երեւոյթները եւ պատահական չէ, որ մեր ազգին համար կենսական նշանակութիւն ունեցող Սարդարապատի հերոսամարտին ան հանդէս եկաւ նորօրեայ Աւարայրի շունչով: Անոր խորապէս համոզուած էր, որ Էջմիածինի հոգեւորականութիւնը պէտք է զինուի ու ժողովուրդին հետ մարտադաշտ ելլէ: Գլխաւորելով 300 հոգեւորականներէ կազմուած ջոկատը` ան կրցաւ ամբողջ բանակին մէջ բէկում մտցնել»,- նշած է Ս. Շահուերտեան եւ աւելցուցած, որ ցուցահանդէսին փորձած են ներկայացնել անոր ձգած մեծ ժառանգութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչ Տէր Պետրոսը նշած է, որ ան այստեղ ինքզինք հարազատ կը զգայ, քանի որ, շնորհիւ Գ. Յովսէփեանի, այսօր կաթողիկոսութիւնը կը գործէ Արցախի հաւատքով, կամքով եւ վճռականութեամբ:
«Այստեղ կը ցուցադրուին նաեւ Գ. Յովսէփեան կաթողիկոսի անձնական իրերը, որոնք կը պահպանուին Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի թանգարանին մէջ: Այս ցուցահանդէսը կաթողիկոսին մասին է, սակայն խօսիլ կաթողիկոսին մասին, կը նշանակէ խօսիլ ընդհանրապէս հայ ազգի եւ յատկապէս Արցախի մասին, քանի որ Գ. Յովսէփեան ամբողջական անունը իր մէջ կը կրէ արցախցիի ներաշխարհն ու դրոշմը` հարուստ միտք, վեհանձն հոգի եւ բարի նկարագիր»,- ըսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչ Տէր Պետրոսը եւ աւելցուցած, որ իւրաքանչիւր հայ պարտք ունի Գ. Յովսէփեան կաթողիկոսի նկատմամբ եւ այդ պարտքը, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի, հայութիւնը քիչ թէ շատ կը փորձէ տալ:
Ցուցահանդէսին ՀՀ ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեանը ներկայացուցած է Գարեգին Յովսէփեանի կեանքը, գործունէութիւնը, ներկաներուն ցոյց տուած է պահպանուած նմոյշները:
Ելոյթով հանդէս եկած է նաեւ Արցախի պատմա-երկրագիտական թանգարանի տնօրէն Մելանիա Պալայեանը` իր խօսքին մէջ ընդգծելով, որ երախտագէտ ժողովուրդը երբեք չի մոռնար իր արժանի զաւակները:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, պաշտօնատար այլ անձեր, հիւրեր եւ այլք: