Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Սեւանայ Լիճի Յատակը «System of a Down» Խումբի Քանդակը Պիտի Տեղադրուի

Քանդակագործ Հայկ Թոքմաճեանի համար անցնող 2017-ն աշխատանքային առումով հարուստ ու յագեցած տարի էր: «Panorama.am»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին քանդակագործը ամփոփած է անցնող տարին ու խօսած 2018-ի սպասումներուն մասին:

Արդէն մէկ տարի է, որ ան կ’աշխատի նոր նախաձեռնութեան մը շուրջ. Սեւանայ լիճի ընդերքին` ջուրի տակ, կ’ուզեն տեղադրել «System of a Down» խումբի տղաներուն կրաշաղախէ քանդակը: Այս գործը աւարտին հասցնելու համար սակայն, ժամանակ կը պահանջուի, եւ դեռ կան որոշ հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին:

«Իմ կարծիքով` մենք այս տարի այդ գործը պիտի իրականացնենք, անիկա ընթացքի մէջ է, ատիկա նաեւ զբօսաշրջիկներու հոսքը պիտի աւելցնէ, այդ խումբը սիրողները ամբողջ աշխարհէն կրնան գալ: Կը յիշէք, չէ՞, համերգին որքան մարդ հաւաքուած էր, ասիկա մեծ արձագանգ պիտի ունենայ»,- ըսած է ան:

Թոքմաճեանը նշած է, որ հետաքրքրական այլ մտքեր ալ ունի, գաղափարներ կան օրինակ՝ ձկնաբուծութեան համար նախատեսուած տեղ մը, որ հետաքրքրական պիտի ըլլայ արտաքնապէս: Կայ նաեւ գաղափար` կապուած Մամիկոնեանց տոհմին հետ: Այս տոհմի ամբողջական, հաւաքական կերպարը պիտի կերտուի եւ տեղադրուի Մամիկոնեանց փողոցին վրայ: 2018-ին քանդակագործը նաեւ քանի մը սիմփոզիում մասնակցելու հրաւէր ունի, Փետրուարին հրաւիրուած է Եգիպտոս, նաեւ շարք մը ծրագիրներ կան, որոնք դեռ ընթացքի մէջ են, Թոքմաճեանը կը սպասէ անոնց իրականացման եւ որոշակիացման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին