Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունեցած է Վերանորոգուած Հայկական Եկեղեցւոյ Օծումն ու Բացումը

Պոլսոյ Քուրուչեշմէյի Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցին իր դռները բացած է հաւատացեալներուն առջեւ:

Ըստ պոլսահայ «Ակօս» թերթին՝ Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցին օծած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կրօնական խորհուրդի առաջնորդ, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեան:

Իր խօսքին մէջ Սահակ Մաշալեան նշած է, որ անհրաժեշտ է տէր կանգնիլ հայ համայնքի համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող եկեղեցիներուն:

«Պէտք է մեր եկեղեցիները բաց պահենք ու աղօթենք: Եկեղեցիները հասարակութեան սիրտն են: Ես այսօր այստեղ կը տեսնեմ նաեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները: Կ’ուզեմ զանոնք տեսնել նաեւ ամէն Կիրակի պատարագներու ժամանակ»,- ըսած է եպիսկոպոս Մաշալեան:

Այնուհետեւ խօսքով հանդէս եկած է եկեղեցւոյ հիմնադրամի անդամ Սարօ Պենքլիյեան, ուր շնորհակալութիւն յայտնած է եկեղեցւոյ վերանորոգման նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերողներուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին