Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Տեղակալը ԼՂ Հակամարտութեան Լուծումը Կարեւոր կը Համարէ Ամբողջ Տարածաշրջանի Համար

ՆԱԹՕ-­ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմէոլլըր, որ Հայաստան այցելած էր, Դեկտեմբեր 13-18­ իրականացուող «ՆԱԹՕ-ի շաբթուան» ծիրէն ներս, կը կարծէ, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան հանգուցալուծումը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ:

Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ ան այս մասին յայտարարած է Երեւանի պետական համալսարանէն ներս ուսանողներու հետ հանդիպման ընթացքին:

«Կը ցաւիմ, որ անցած է աւելի քան քսանհինգ տարի, սակայն հակամարտութիւնը դեռ լուծուած չէ: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համար ասիկա կարեւոր է միասին աշխատելու հարցով: Ես գոհ եմ, որ վերջերս չորս նախարարները հանդիպեցան Վիեննայի մէջ, իսկ Հոկտեմբերին հանդիպեցան նաեւ նախագահները: Կը կարծեմ, որ ասիկա գերազանց է: Ես կրնամ գոհունակութիւնս յայտնել, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ՝ նման բարձր մակարդակով ներգրաւուած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, ինչպէս նաեւ ֆրանսական կողմին հետ: Ես` իբրեւ ՆԱԹՕ-ի նախագահութեան ներկայացուցիչ, կրնամ ըսել, որ մենք պարզապէս յոյս ունինք տեսնելու նոր պահ ճգնաժամը լուծելու հարցով»,- ­ըսած է ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչը՝ ընդգծելով, թէ գոհ են գործադրուող դիւանագիտական ջանքերով եւ յոյս յայտնած, որ անոնք շուտով արդիւնք պիտի տան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին