ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմէոլլըր, դրական կը գնահատէ Հայաստանի հետ համագործակցութեան 25 տարիները:
«Մենք այնքան շատ աշխատանք ըրած ենք այս տարիներուն ընթացքին: Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել եւ ըսել, թէ որքան կը գնահատեմ մեր համագործակցութիւնը: Հայաստանը մեր միակ գործընկերն է, որ կայուն կերպով խաղաղապահ զօրքեր կ’ուղարկէ Քոսովօ եւ նաեւ կարեւոր աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Աֆղանիստանին: Հայաստանը նաեւ այն երկիրն է, որ պատրաստ է հասանելի դարձնել նաեւ ռազմաբժշկական եւ այլ ստորաբաժանումները: Ասիկա իսկապէս շատ գնահատելի է, որով համագործակցութիւնը կը դառնայ առաւել ամուր»,- ըստ «Armenpress.am»-ի` ըսած է ան:
Ռոզ Կոթեմէոլլըր նշած է, որ 2018 Յուլիսին իրենք կը պատրաստուին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք ՆԱԹՕ-ի յաջորդ գագաթնաժողովին ` կեդրոնանալով ՆԱԹՕ-ի համար կարեւոր երկու տարբեր առաջադրանքներու վրայ:
«Առաջին առաջադրանքն է` շարունակել մեր դաշնակիցներուն պաշտպանական աջակցութիւն ցուցաբերելը, իսկ երկրորդը ուղղութիւնը մենք կ’անուանենք կայունութեան նախագիծին մէջ: Ատիկա կը նշանակէ, որ մենք կ’աշխատինք մեր դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ` պայքարելու վերջին մարտահրաւէրներուն, ահաբեկչութեան դէմ»,- եզրափակած է ՆԱԹՕ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեան: