Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Մի՛ Արգիլեր Դուստրդ Տունէն Դուրս Գայ. Դաստիարակէ՛ Տղադ Լաւ Վարուի

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Կ’ապրինք ընկերութեան մը մէջ, որ իր կիները կ’ուսուցանէ չբռնաբարուիլ, փոխանակ իր տղամարդոց սորվեցնելու՝ չբռնաբարել…

Վերջին օրերուն, լիբանանի ապահովական լուրերը գլխաւորեց բրիտանացի դիւանագէտ երիտասարդուհի մը սպանութեան ցաւալի լուրը: Շուտով յայտնի դարձաւ որճրագործին անունն ու ոճիրի դրդապատճառները: Ոճրագործը թաքսիի վարորդ մըն է, որ իր յաճախորդը փոխադրելու պահուն անմարդկային ձեւով մը փորձած է բռնաբարել զոհը ու ապա զայն սպանելով՝ անմեղ զոհի դիակը նետած է ամայի մայրուղիի մը եզրին:

Համացանցի եւ նաեւ լրատուական միջոցներով երկու օրէ կը քննարկուի թաքսիի վարորդին աշխատակցած ընկերութեան օրինաւորութիւնը, անոր դէմ յայտարարութիւններ դուրս կու գան, անոր փակուիլը կը պահանջուի, կ’այպանուի արհեստագիտութիւնը (նկատի ունենալով, որ զոհին օգտագործած թաքսիի ընկերութիւնը առցանց սպասարկութիւն մըն է)՝ հասնելով մինչեւ իսկ այպանելու խեղճ զոհը, որ ինչո՛ւ գիշերով դուրս եկած է…:

Հետաքրքրական մօտեցում մը իսկապէս, որ յատուկ է մեր ընկերութեան…: Չեմ ուզեր արդարացնել թաքսիի նշեալ ընկերութիւնը, որ երեւի պէտք է աւելի ուշադիր ըլլայ վարորդներ գործի կոչելու իր գործընթացին մէջ: Նոյնը կը վերաբերի անշուշտ բոլորին: Սակայն չե՞ս կարծեր, սիրելի՛ ընթերցող, որ խնդիրը ուրիշ բանի մէջ է:

Խնդիրը իգական սեռի հանդէպ բռնութիւն գործելու եւ այդ անմարդկային արարքէն անմեղ դուրս գալու մշակոյթին մէջն է: Խնդիրը տղոց վերաբերիլ սորվեցնելու փոխարէն աղջիկները կաշկանդելու աւանդական սովորութեան մէջն է: Տղու մը բռնարարգը` տղամարդավայել, մինչ աղջկան մը ազատամտութիւնը անբարոյ համարելու նախամարդկային մտածելակերպին մէջն է, որ սերունդներ կը դաստիարակէ սխալ վարքով:

Եկէ՛ք, փոխանակ թաքսիի ընկերութիւնը քննադատելու, կամ անոր զուգահեռ, փորձենք նախ փոխել մեր յոռի մշակոյթը: Նաեւ, փոխանակ արհեստագիտութեան մէջ սատանան տեսնելու, օրինակի համար պետութենէն պահանջենք լուսաւորել եւ ապահովական միջոցներ որդեգրել երկրին կարեւոր մէկ մայրուղիին վրայ, որպէսզի անոր ամայութեան, մթութեան եւ անապահովութեան զոհ չերթան խեղճ քաղաքացիները:

***

ՅԳ Ճակատագրի սուր հեգնանքով կարծէք, այս տողերը գրելու պահուս լուրերէն իմացայ, որ այդ միեւնոյն մայրուղիին հանդիպակաց ձորին մէջէն գտնուած է երկու օր առաջ հետքը կորսուած քաղաքացիի մը դիակն ու կործանած ինքնաշարժը, որ ըստ երեւոյթին, այդ «մահուան մայրուղի»-ին վրայ (որ ամէն մեղքիս կը կոչուի «արագ մայրուղի») սահանքի մը հետեւանքով, ինկած էր ձորն ի վար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին