Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ «Tourist Friends» Ծրագիրը Պիտի Գործէ

2017 թուականին, նախորդ տարուան համեմատ, 41 տոկոսով աճած է Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, տարեվերջեան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան հարցերու նախարար Սերկէյ Շահուերտեան:

Նախարարին խօսքով` զբօսաշրջիկներու հիմնական աշխարհագրութիւնը կ’ընդգրկէ առաջին տեղ Ռուսիան, ապա` Եւրոպան, ԱՄՆ-ն եւ Իրանը:

Արցախի մէջ ներկայիս կը գործէ 50 զբօսաշրջային հիւրանոցային տնտեսութիւն:

Նախարարը իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ 2018 թուականէն Արցախի զբօսաշրջութեան համակարգին մէջ պիտի գործէ «Tourist Friends» ծրագիրը, որուն շնորհիւ զբօսաշրջիկները պիտի օգտուին շուրջօրեայ տեղեկատուական ծառայութենէն. անոնք ցանկացած ժամու, ցանկացած վայրի մասին կրնան ստանալ համապատասխան տեղեկատութիւն:

«Ծառայութեան շնորհիւ` զբօսաշրջիկներուն պիտի տրուի հնարաւորութիւն՝ աւելի մօտէն ծանօթանալու Արցախին: Բացի այդ, անիկա պիտի նպաստէ, որպէսզի գիւղական համայնքներու մէջ ապրող բնակիչները զբօսաշրջութեան իբրեւ արդիւնք ստանան որոշակի եկամուտ»,- ըսած է Ս. Շահուերտեան:

Անդրադառնալով բնապահպանական զբօսաշրջութեան` նախարարը նշած է, որ անիկա զարգացնելու նպատակով մշակոյթի նախարարութիւնը կը նախատեսէ գիւղական համայնքներու մէջ հիւրատուներ հիմնել` օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն ծանօթացնելու համար արցախեան մշակոյթին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին