Հանրապետութեան նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, ուր քննարկուած են ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման (ՌԱՀ), ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ տարուող պայքարի իրաւական ու կառուցակարգային նախադրեալներու ամրապնդման հիմնախնդիրները:
Առաջին հարցը խորհուրդի անդամներուն զեկուցած է պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեանը, իսկ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ Հայաստանի ձեռնարկած միջոցառումներու, հիմնախնդիրներու եւ յետագայ ընելիքներու մասին զեկուցած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանը եւ Ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեանը:
ԱԱԽ անդամները հաւանութիւն տուած են ներկայացուած «ՌԱՀ-ի զարգացման պետական ծրագրին»: Քննարկման արդիւնքով ներկայացուած առաջարկներու հիման վրայ կառավարութեան տրուած են շարք մը յանձնարարականներ:
Ահաբեկչութեան դէմ տարուող պայքարի իրաւական ու կառուցակարգային նախադրեալներու ամրապնդման հիմնախնդիրներու վերաբերեալ ԱԱԾ տնօրէնի եւ Ոստիկանութեան պետի զեկոյցներէն ետք Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուած է ներկայացուած` «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան դրոյթներու իրականացումը ապահովող միջոցառումներու ծրագիր-ժամանակացոյցի» նախագիծին եւ կառավարութեան յանձնարարած սահմանուած կարգով ընթացք տալ անոր:
Վերոյիշեալ հարցի զեկուցման ժամանակ նշուած է, որ դեռ 2012 թուականին կառավարութեան կողմէ հաստատուած «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան դրոյթներու իրականացումը ապահովող միջոցառումներու ծրագիր-ժամանակացոյց»-ը կատարելագործման անհրաժեշտութիւն ունի` հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումները, տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչական սպառնալիքներու բարձր մակարդակը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան զարգացման եւ ձեւափոխութեան միտումները, որուն միտուած է փաստաթուղթի նախագիծը:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առումով Հանրապետութեան նախագահը, որպէս ամենագործուն միջոցներ, առանձնակի կարեւոր նկատած է երեք ուղղութիւն. գործնական հետախուզական աշխատանքներու կատարելագործումը, ներառեալ` թեքնիկական միջոցներու կատարելագործումը, հակազդման ստորաբաժանումներու հնարաւորութիւններու բարձրացումը եւ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնումն ու առաջաւոր փորձի փոխանակումը: