Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախախարութեան Արձագանգը` Թուրքիոյ Արձագանգին

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշման մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ եղած: Այս մասին, ըստ «Արմենփրէս»-ի, ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան`  մեկնաբանելով հայ-թրքական արձանագրութիւններու վերաբերեալ Թուրքիոյ ԱԳՆ վերջին յայտարարութիւնը:

«Հայաստանի դիրքորոշումը հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ բազմիցս արտայայտուած է, իսկ վերջին անգամ` երկու օր առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանի` Աթէնքի մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին: Անիկա որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած»,- ըսած է Բալայեան:

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, խօսելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու մասին, յիշեցուցած էր, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց մեկնարկած էր, որ յանգեցուց 2009-ի Հոկտեմբերին Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրման: Այնուամենայնիւ, նախարարը ընդգծած էր, որ մինչեւ այսօր այս փաստաթուղթերը չեն վաւերացուած, քանի որ Թուրքիա առաջ քաշեց անհիմն նախապայմաններ, որոնք կը հակասէին արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին: «Այս փաստաթուղթերը չեն կրնար ընդմիշտ պատանդ մնալ, եւ այդ է պատճառը, որ Հայաստանի նախագահը Սեպտեմբերին ՄԱԿ Գլխաւոր վեհաժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստան արձանագրութիւնները առ ոչինչ կը յայտարարէ, քանի որ չկայ որեւէ դրական յառաջընթաց անոնց իրականացման համար, եւ մենք 2018-ի գարունը պիտի դիմաւորենք առանց այդ Արձանագրութիւններուն»,- յայտարարած էր Նալպանտեան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած էր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին` հայ-թրքական արձանագրութիւններու վերաբերեալ յայտարարութեան: Թուրքիոյ ԱԳՆ-էն նշած էին, թէ արձանագրութիւններու չվաւերացման մեղաւորը ոչ թէ իրենք են, այլ հայկական կողմը:

«Հակառակ Հայաստանի բացասական դիրքորոշման` Թուրքիա հաւատարիմ է արձանագրութիւններու հիմնական դրոյթներուն: Արձանագրութիւնները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի օրակարգին, անոնց վաւերացման համար կարեւոր է Հարաւային Կովկասի մէջ բարենպաստ քաղաքական մթնոլորտի եւ խաղաղութեան առկայութիւնը»,- նշած էին Թուրքիոյ ԱԳՆ-էն` հերթական անգամ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը անհիմն կերպով պայմանաւորելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին