Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Յիսուսի Աւանակը եւ Մերօրեայ Հոգեւորականներու Շքեղոգի Ինքնաշարժները

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ Պքըրքէի մէջ գումարուեցաւ Քրիստոնեայ-Իսլամ համայնքապետերու վեհաժողովը, որոնք միաւորուած էին ընդդէմ ԱՄՆ Նախագահ Տոնալտ Թրամփի՝ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող վերջին յայտարարութեան:

Կարեւոր հանդիպում մը, արդարեւ, դէմ դնելու միաստուածեան երկու կարեւոր կրօնքներու իրաւունքներուն եւ արդարութեան դէմ գործուած վտանգաւոր մագլցումին:

Ժողովին հետ առնչուած հետաքրքրութիւնս պատճառ դարձաւ, որ ուշադրութիւնս նաեւ կեդրոնանայ այլ երեւոյթի մը վրա, որ նոր չէ դժբախտաբար: Ժողովական հոգեւորականները փոխադրող ինքնաշարժները…

Մտքովս հորիզոնական մը ստեղծեցի, մէկ կողմէն Քրիստոնէութեան հաւատքի հիմքը հանդիսացող՝ Յիսուսի նոյն Երուսաղէմը մուտք գործելու համեստ փոխադրամիջոցին՝ աւանակին եւ միւս կողմէն Երուսաղէմի հարցով ի մի եկած՝ Յիսուսը ներկայացնող մերօրեայ հոգեւորականներու շքեղ փոխադրամիջոցներուն, այդ ինքնաշարժներուն Լիբանանի մէջ հարստութիւն եւ աշխարհիկ փառք ներկայացնող  թիւերուն, ոմանց պարագային իրենց  ընկերակցող եւ պաշտպան այլ ինքնաշարժերու շարանին եւ զինուորական, սիվիլ թէ հոգեւորական ընկերակիցներուն միջեւ…:

Պատկերը աւելի քան երեւոյթ մը կը ներկայացնէր, որուն ի պաշտօնէ եւ ի հաւատէ որքա՞ն խոնարհ կամ հոգեւորական ըլլալու բացատրութիւնը տալը առ այժմ խնդրոյ առարկայ կրօնապետներուն ձգելով՝ այսօր պիտի կեդրոնանամ մէկ միտքի վրայ միայն.

Ըստ իս՝ հոգեւորականներու աշխարհիկ շքեղութիւն եւ փառք արտացոլացնող կեանքը որքան ճոխանայ կամ անոնց ինքնաշարժներու տարիքն ու թիւը որքան փոքրանայ, այնքան պիտի մեծնայ վիհը իրենց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին միջեւ՝  խաթարելով վերջինիս հաւատքը, անոնց հեռացնելով կրօնքէն իսկ…

Դուն ի՞նչ կը մտածես, սիրելի՛ ընթերցող:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին