Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

KfW-ն Հայաստանին Աւելի Քան 5 Միլիոն Եւրոյի Դրամաշնորհ Պիտի Յատկացնէ

Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան` ի դէմս ֆինանսներու նախարարութեան եւ Վերականգնման վարկերու դրամատան «KfW» միջեւ գիւղատնտեսական ապահովագրութեան յատակագիծի աջակցութեան ծրագրի համար 5 միլիոն 339 հազար եւրօ գումարի չափով դրամաշնորհային համաձայնագիրի ստորագրման:

 ՀՀ ելեւմուտքի նախարարի տեղակալ Կարէն Թամազեան յայտնած է, որ ծրագիրը նպատակ ունի աջակցելու Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսութեան ապահովագրական համակարգի ներդրումին` նպաստելով գիւղացիներու կլիմայական վտանգներէն ապահովագրական պաշտպանութեան:

Ըստ համաձայնագիրին` ծրագրի ֆինանսաւորումը ՀՀ եւ ԳԴՀ կը նախատեսեն համամասնական սկզբունքով («pari passu”): Ծրագիրով  5,339,139.38 եւրօ գումարի չափով ԳԴՀ կողմէ յատկացումը պիտի տրամադրուի 2 մասնաբաժինով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին