Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

ՆԱԹՕ-ի Չափանիշներով Զօրավարժութիւն՝ Ամերիկայի Օգնութեամբ Կառուցուող Կեդրոնին Մէջ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ) նպատակ ունի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օգնութեամբ Կոտայքի մարզին մէջ կառուցուող «Զառ» ուսումնավարժական կեդրոնը վերածելու միջազգային խաղաղապահ ուսումնական կեդրոնի: Հայաստանի ՊՆ պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան Երեւանի մէջ ՆԱԹՕ-ի տեղեկատուական կեդրոնին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ այս ծրագիրի նպատակն է հիմնել խաղաղապահ գործողութիւններու ուսումնական կեդրոն:

«Մենք հեռահար նպատակ ունինք. այդ ուսումնական կեդրոնի վերջնական կառուցումէն ետք, թերեւս վկայական տանք, եւ այն դառնայ միջազգային խաղաղապահ ուսումնական կեդրոն», շեշտած է Այվազեան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Զառ» ուսումնավարժական կեդրոնին մէջ ամերիկեան կողմի համաֆինանսաւորումով իրականացուող շինարարական աշխատանքները մեկնարկած են այս տարուան Մարտին՝ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի մասնակցութեամբ: «Զառ» կեդրոնը ՊՆ խաղաղապահ զօրաբաժինի հիմնական ուսումնական ստորաբաժանումն է, ուր կ’իրականացուին խաղաղապահ ուժերու վարժանքները եւ վերապատրաստումը:

«Այս տարի աւարտեցաւ ուսումնական կեդրոնի շինարարութեան առաջին փուլը: Դեռ կայ քանի մը փուլ, որպէսզի ամբողջութեամբ պատրաստ ըլլայ այն: Բացի շինարարական աշխատանքներէն՝ կը ծրագրուի կեդրոնին մէջ տեղակայել խաղաղապահ գործողութիւններու վարժանքներու համար անհրաժեշտ տարբեր սարքաւորումներ, տեքնիկական միջոցներ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան խաղաղապահներուն այնտեղ վարժանքներ իրականացնել»,- յայտնեց Այվազեան:

Արդէն եկող տարի «Զառ» կեդրոնին մէջ կը ծրագրուի իրականացնել զօրավարժութիւն՝ ՆԱԹՕ-ի գնահատման գործընթացի ծիրին մէջ: Այդ զօրավարժութիւնը Հայաստանի ազգային զօրավարժութիւնն է, խաղաղապահ կարողութիւններու գնահատումը՝ ՆԱԹՕ-ի չափանիշներուն համապատասխան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին