Հայկական շարժանկարի թանգարանը պիտի ըլլայ կենդանի թանգարան, ուր այցելուները պիտի դիտեն ֆիլմեր, պիտի լսեն դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ պիտի հանդիպին շարժանկարի գործիչներու հետ:
Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ Դեկտեմբեր 14-ին կայացած է շարժանկարի թանգարանի առաջին խորհրդանշական նմոյշներու յանձնման արարողութիւնը: «Յուզիչ է, որ մեր շարժանկարի շատ կարեւոր մասունքներ պիտի հաւաքուին մէկ յարկի տակ: Շարժանկարի թանգարանը պիտի չըլլայ մեռած, այլ` կենդանի, ուր ֆիլմեր պիտի վերականգնուին, դասախօսութիւններ պիտի ըլլան, ֆիլմեր դիտելու համար եւս պիտի յատկացուի փոքրիկ դահլիճ: Անոր շնորհիւ մենք պիտի շարունակենք մեր երազանքը` հայկական շարժանկարը մարդոց հասցնելու»,- ըսած է Շարժանկարի մասնագէտներու միութեան նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան եւ նշած, որ աշխատանքները պիտի տեւեն մէկ-երկու տարի:
Անոր խօսքով` ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան եւս մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած է շարժանկարի թանգարան ստեղծելու գաղափարը:
Արմէն Ամիրեան շնորհաւորած է թանգարան բանալու առաջին քայլերը եւ նշած, որ իրենք արխիւի մէջ ստուգած են, թէ ինչ իրեր կան, որոնք կրնան խօսիլ շարժանկարի պատմութեան մասին, եւ իսկապէս եղած են շատ ցուցանմոյշներ:
Թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուի մօտ 100-120 կարեւոր նմոյշ, մնացեալը պիտի ըլլան վերացական: Թանգարանը պիտի գործէ Շարժանկարի մասնագէտներու միութեան շէնքին մէջ: