Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

«Իզմիրլեան» Հիմնադրամը 5 Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնէ Պաշտպանութեան Նախարարութեան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ «Իզմիրլեան» հիմնադրամի փոխնախագահ Կրեկ Ճէրէճեան Դեկտեմբեր 13-ին Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանին մէջ ստորագրեցին յուշագիր մը՝ «Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի համալսարանային տարածքի արդիականացման» նախագիծի աջակցութեան վերաբերեալ, կը հաղորդէ «Արմենփրէս»-ը:

Յուշագիրով հիմնադրամը 5 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի շէնքերու վերանորոգման եւ վերակառուցման մեծածաւալ ծրագիրի իրականացման համար: Այս ծրագիրը կը նպատակադրէ ռազմական համալսարանը միջազգային ամենաբարձր չափորոշիչներուն համապատասխանեցնել:

«Այժմ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբը կը քննարկէ ՀՀ ՊՆ Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի եւ ՀՀ ՊՆ Մարշալ Արմենակ Խանփերեանցի անուան օդանաւային համալսարաններու մէկտեղման գործընթացն ու տարբեր բաժիններով, բաժանմունքներով մէկ ռազմական համալսարան ունենալու գաղափարը: Կ’ակնկալուի, որ նոր համալսարանը կը տեղակայուի Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի տարածքին մէջ՝ լրացուցիչ շէնքային պայմաններու ապահովումով»,- յայտնեց պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան՝ աւելցելով, որ «Իզմիրլեան» հիմնադրամը համալսարանի ստեղծման առաջին իսկ օրերէն եղած է կառոյցի կողքին եւ այսօր ալ նոր յուշագիրի ստորագրումով նոյն քայլը կը կատարուի:

Միջոցառման ընթացքին ճարտարապետ Էրիկ Յովհաննիսեան ներկայացուց համալսարանի շէնքային հնարաւորութիւններու բարելաւման նախագիծը, որով կը նախատեսուի կառուցել զօրանոցային առաւել յարմարաւէտ պայմաններով, գրադարանով, համակարգչային դասասենեակներով, մարզական համալիրով ապահովուած գերժամանակակից կրթական համալիր:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ «Իզմիրլեան» հիմնադրամի համագործակցութիւնը տարիներու պատմութիւն ունի: 2001-էն սկսեալ հիմնադրամը նիւթական մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է «Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զոհուած եւ առաջին կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողներու երեխաներուն» ծրագիրին: Հիմնադրամը իր միջոցներով անցեալ տարիներուն զգալի աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի ենթակառուցուածքներու արդիականացման, ինչպէս նաեւ զօրանոցային պայմաններու բարելաւման աշխատանքներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին