Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) կը կանխատեսէ, որ Հայաստանի համախառն ներքին արտադրանքի (ՀՆԱ) աճը 2017-ին հասնի 5.8 տոկոսի: Այս մասին, ըստ «News.am»-ի, գրուած է ՄԱԿ-ի հրապարակած «Աշխարհի տնտեսական վիճակը եւ հեռանկարները» զեկոյցին մէջ: Զեկոյցին համաձայն՝ գալ տարի Հայաստանի տնտեսական աճը պիտի կազմէ 3.8 տոկոս, իսկ 2019-ին՝ 3.6 տոկոս:
«Հայաստանի մէջ տնտեսութիւնը կտրուկ կերպով վերականգնած է՝ արագ արդիւնաբերական աճին եւ պղինձի բարձր գիներուն արդիւնքով»,- գրուած է զեկոյցին մէջ: