Հայաստան կը պատրաստուի «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ» 3-րդ համաշխարհային նիստին: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան նշած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ ունեցած իր ելոյթին մէջ:
«Յաջորդ տարուան Դեկտեմբեր 9-ին Յիշատակման միջազգային օրը առաւել մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ, քանի որ անիկա կը համընկնի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագիրի ընդունման 70-ամեակին հետ: Այս առիթով Հայաստանը կը պատրաստուի Երեւանի մէջ հիւրընկալելու «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ» 3-րդ համաշխարհային նիստը: Համաձայնագիրի ընդունումէն 70 տարի անց ալ աշխարհը զերծ չէ այս «նողկալի արհաւիրքէն»: Չափազանց կարեւոր է կրկնապատկել կանխարգիլման օրակարգի ամրապնդման ուղղուած միջազգային ջանքերը: Այն, ինչին ականատես կ’ըլլանք այսօր, մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, կապուած ցեղային եւ կրօնական խումբերու դէմ ինքնութեամբ պայմանաւորուած յանցագործութիւններու հետ, բացայայտօրէն կը վկայէ Համաձայնագիրի արդիականութիւնը, որ յստակ սահմանած է պատժելի գործողութիւնները, ներառեալ յանցակցութիւնը»,- ըսած է Էդուարդ Նալպանտեան:
Նախարարին խօսքով՝ Հայաստանը այն առաջին պետութիւններէն էր, որ բարձրաձայնեց այդ խնդիրին մասին` կոչ ընելով ամրապնդելու կանխարգիլման միջազգային կառուցակազմերը: Քրիստոնեաներու եւ կրօնական այլ խումբերու դէմ ատելութեան հողի վրայ իրականացուող յանցագործութիւններուն եւ խտրականութեան հակազդելու արդիւնաւէտ միջոցներու յետագայ զարգացումը եղած է վերջերս ԵԱՀԿ նախագահութեան ու Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ Մարդու Իրաւունքներու գրասենեակի կազմակերպումով եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ Երեւանի մէջ կայացած բարձրաստիճան համաժողովի ուշադրութեան կեդրոնին:
«Բռնութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ չեն շրջանցած հայերը, որոնք դարեր շարունակ մաս կը կազմեն Սուրիոյ եւ Միջերկրեածովեան տարածաշրջանի բազմամշակութային եւ բազմակրօն խճանկարին: Աւերուած են հայկական բնակավայրեր, եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ մշակութային հաստատութիւններ: Մեր հայրենակիցներէն շատերը զոհուած են ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքով, իսկ ոմանք ստիպուած՝ ձգած են իրենց բնակութեան վայրերը: Միայն Սուրիայէն աւելի քան 22 հազար գաղթականներ ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ` դարձնելով մեր երկիրը բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ երրորդը Եւրոպայի մէջ` Սուրիայէն գաղթականներ ընդունող երկիրներու շարքին: Մարդասիրական օգնութեան շարունակական տրամադրումով՝ փորձած ենք նաեւ աջակցիլ անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունին Սուրիոյ մէջ»,- աւելցուցած է նախարարը: