«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը սկսի գործակցութեան առաջին քայլերուն Արժանթինի կառավարութեան հետ: Հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն կը յայտնեն, որ ուղղութիւններէն մէկը գիւղատնտեսութիւնն է, որու արժանթինեան դրական փորձը կիրարկելու հնարաւորութիւնը դիտարկելու համար Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպան Կոնզալօ Ուրրիոլապէիթիան այցելեց Տաւուշի մարզի Խաչարձան համայնք:
Դեսպանը ծանօթացաւ գիւղատնտեսական զարգացման ծրագիրներուն, որոնք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցով իրագործած է արժանթինահայ համայնքը: Դեսպան Ուրրիոլիապէիթիան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ջերմոցներու շարունակական ծրագիրով իրականացուող վիճակահանութեան, որով պարզ դարձաւ Խաչարձանի մէջ եւս երկու ջերմոցներու շահառուները: Ի դէպ, Հիմնադրամը ծրագրի ծիրէն ներս Տաւուշի մարզին մէջ բացած է արդէն 100 ջերմոց:
Խաչարձանի մէջ արժանթինահայ առաջին ներդրողներէն եղած է Կալչեան ընտանիքը: Անոնց ֆինանսաւորումով վերակառուցուած է գիւղի դպրոցը, Խաչարձանի մէջ կառուցուած է բժշկական եւ համայնքային կեդրոն: Այնուհետեւ, Կալչեաններուն միացած են արժանթինահայ այլ ընտանիքներ, որոնց շարքին` Աւագեաններու ընտանիքը Թերզեաններու հետ մասնակցած է խմելու ջուրի համակարգի կառուցման: Թերզեան ընտանիքն ալ իր հերթին հովանաւորած է գիւղին մէջ մարզահամալիրի կառուցումը, որ նուիրուած է անոնց դստեր` Մարիա Թերզեանի յիշատակին: Սարգիս եւ Ծովինար Անակներու ընտանիքը հիմնած է Հաւատքի պուրակը, որու բացման ընթացքին կնքուած է գիւղի 130 բնակիչ: