Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Թուրքիոյ Սահմանին Մօտ Հայկական Արեւային Ելեկտրակայան Բացուեցաւ

«Կանաչ էներգիա (ուժանիւթ-ԵՌԳ)» կայանը բացուեցաւ հայ–թրքական սահմանէն 3 քմ․ հեռաւորութեան վրայ:

Հայաստանի արեւային նոր ելեկտրակայանը, որ 1 մեկաուաթ հզօրութիւն ունի, բացուեցաւ Արմաւիրի մարզի Շէնիկ գիւղին մէջ, կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ը:

Հանդիսաւոր բացման ներկայ եղած են ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։

Ինչպէս նշեց «Շթիկեն» ընկերութէան (կայանի նախագծող) հիմնադիր-տնօրէն Հայկ Շէկեան, քանի մը տարի ետք այսպիսի հզօրութեամբ կայանները Հայաստանի համար սովորական պիտի ըլլան:

«Ես համոզուած եմ, որ այս կայանը դեռ սկիզբն է: Մէկ-երկու տարի անց 1 մեկաուաթ կայաններուն պիտի նայինք այնպէս, ինչպէս այսօր կը նայինք մէկ արեւային մարտկոցին», — ըսած է ան:

Պետութիւնը եւս աջակցած է արեւային կայանի ներդրողներուն` թոյլ տալով ուժանիւթը վաճառել սովորականէն բարձր սակով: Ատկէ ետք քանի մը հայ եւ արտասահմանեան գործարարներ հետաքրքրուած են շինարարութեան համար:

Ինչպէս նշեց կայանի սեփականատէր Վարդան Վարդանեան, նախագիծին արժէքը կազմած է 850 հազար տոլար:

Պետութիւնը ձեռնտու սակագին սահմանած է մինչեւ 1 մեկուաթ հզօրութիւն ունեցող 10 կայանի համար: Անոնք, որոնք հասցուցած են յայտ ներկայացնել, 1 քիլօուաթի համար առաջարկած են 42,6 դրամ, առանց ԱԱՀ-ի, կամ միւս կայաններու միջին սակէն մօտ կրկնակի բարձր:

Կայանի 1.6 հա մակերես ունեցող տարածքին մէջ տեղադրուած է 3 124 ֆոթովոլթային վահանակ:

Երկրի ուժանիւթի համակարգին մէջ արեւային եւ հողմային հզօրութիւնները տակաւին 1% չեն կազմեր, բայց եւս քանի մը արեւային ելեկտրակայաններ կառուցման փուլի մէջ են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին