Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

«Եւա» Ֆիլմը Ընդգրկուած է «Օսքար»-ի Հաւակնորդներու Ցանկին Մէջ

Բեմադրիչ Անահիտ Ապատի հայ-իրանական «Եւա» ֆիլմը առաջադրուած է «Օսքար-2018»-ին «Լաւագոյն օտարալեզու ֆիլմ» անուանակարգին:

Ֆիլմն արդէն ընդգրկուած է յաւակնորդներու ցուցակին մէջ, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն» լրատուական կայքը:

«Եւա» ֆիլմը Հայաստանի եւ Իրանի համատեղ արտադրանքն է, ֆիլմի ցուցադրութիւնը Սեպտեմբեր 24-էն կը ցուցադրուի երեւանեան կինոթատրոններուն մէջ:

Ֆիլմը պատմութիւնն է կնոջ մը մասին, որ Արցախեան պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած է իր ամուսինը եւ կ’ուզէ մոռնալ տարիներ առաջ իր կեանքին մէջ տեղի ունեցած մութ ու ծանր պատմութիւնը: Եւան դստեր` Նարէի հետ կը հեռանայ Երեւանէն, կը հաստատուի Արցախ` ծանօթներու մօտ: Սակայն անցեալը ամէն տեղ կը հետապնդէ զինք:

«Եւա» ֆիլմը նկարահանուած է «Հայաստանի ազգային կինօ կեդրոն»-ի եւ «Ֆարապի ֆիլմարտադրութեան կեդրոն» հիմնադրամի (պետական ֆոնտ) ֆինանսական աջակցութեամբ: Ֆիլմին սենարի հեղինակը Անահիտ Ապատն է, իսկ արտադրողը` Թաղի Ալիղուլիզադեհը: Ֆիմի դերասաններն են՝ Նարինէ Գրիգորեան, Շանթ Յարութիւնեան, Մարջան Աւետիսեան, Ռոզի Աւետիսեան, Սերկէյ Թովմասեան, Վրէժ Քասունին, Տիգրան Դաւթեան, Նանոր Պետրոսեան, Էւելինա Ադամեան, Մարատ Դաւթեան եւ այլոք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին