Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Արցախի Հայկազեան Գիւղը Նոր Դպրոց Պիտի Ունենայ

Արցախի Հանրապետութեան պետական պիւտճէի ֆինանսաւորումով Քաշաթաղի շրջանի Հայկազեան համայնքին մէջ նոր դպրոց պիտի կառուցուի:

 «Արցախփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան աշխատակից Լեւոն Եարոյեան ըսած է, որ դպրոցի շինարարական աշխատանքները սկսած են 2015 թուականէն:

«Նորակառոյց դպրոցը նախատեսուած է 120 աշակերտի համար. ան ժամանակակից չափանիշներուն եւ երկրաշարժական անվտանգութեան կանոններուն համապատասխան քառայարկ շինութիւն է, ներառեալ նաեւ նկուղային ու ձեղնայարկ, որուն մէջ դպրոցը պիտի ունենայ  ձեռնարկներու դահլիճ:

Այժմ կառուցուած է շէնքի տանիքը, տեղադրուած են լուսամուտներն ու դռները, աւարտած երեսպատման աշխատանքները»,- ըսած է Եարոյեան եւ աւելցուցած, որ գալիք տարուան մէջ աշխատանքներ պիտի կատարուին շէնքի արտաքին յարդարման,  ներկարարութեան եւ դպրոցի տարածքի բարեկարգման ուղղութեամբ:

Անոր խօսքով` շէնքի շինարարական աշխատանքները պիտի աւարտին մինչեւ 2018 թուականի Սեպտեմբեր 1:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին