Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Հանդիպում «Աքսորի Ճամբուն Վրայ» Հատորը Կազմող Գրիգոր Պըլտեանի Հետ

ԵրեքշաբթիԴեկտեմբեր 19ին երեկոյեան ժամը 7:30ին «Ապրիլ» գրատան մէջ հանրային հանդիպում մը տեղի         պիտի ունենայ Արամ Անտոնեանի հեղինակութեամբ նոր                                                                                                     հրատարակուած «Աքսորի ճամբուն վրայ» հատորը կազմող Գրիգոր Պըլտեանի հետ, զոր պիտի ներկայացնէ Յակոբ Կիւլլիւճեան։

Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Գրադարանի հասցէն՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին։

«Աքսորի ճամբուն վրայ» հատորը կը համախմբէ արեւմտահայ գրող Արամ Անտոնեանի (1874-1951)՝ Եղեռնէն ներշնչուած պատմուածքներն ու անձնական յիշողութիւնները: Գործերը գրուած են 1916-1946 շրջանին եւ լոյս տեսած սփիւռքահայ մամուլին մէջ, սակայն ցարդ երբեք չէին զետեղուած մէկ կողքի տակ: Անոնք կը կազմեն վերապրողի մը գրական թանկագին վկայութիւնները՝ հայ մտաւորականութեան ոչնչացման պատմութենէն:

Գրիգոր Պըլտեան ծնած է 1945-ին Պէյրութ, իսկ 1967-ին մեկնած է Փարիզ: 1973-ին ստացած է փիլիսոփայութեան իր դոկտորան՝ Սորպոնի համալսարանէն: Դոկտորայի առաջին աշխատութիւնը պատրաստած է Մարթին Հայտըկերի «Գեղագիտութեան Զանցումը» նիւթին շուրջ: Ամբողջ տասնամեակ մը զբաղած է լրագրութեամբ ֆրանսական մամուլին մէջ: 1978-էն սկսեալ, հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին մէջ: Շուրջ քսան տարի դասաւանդած է գրաբար եւ մատենագիտութիւն՝ Լիոնի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ: Իր առաջին գիրքը՝ «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար», ազդուած Պէյրութի պատերազմէն, լոյս տեսած է 1976-ին: Յետագայ տարիներուն Փարիզի մէջ կը կազմաւորուին իր հատորները՝ բանաստեղծական, գրաքննադատական եւ արձակ- գեղարուեստական: Աշխատակցած է զանազան գրական հանդէսներու եւ հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ օտարագիր մամուլի մէջ: Պըլտեան իր հրատարակած արձակ ու չափածոյ երկերով կ’արծարծէ գրական, գեղագիտական, իմաստասիրական խնդիրներ՝ բոլորն ալ առնչուած հայ մշակոյթի ինքնութեան ու մասնաւորապէս լեզուին։ Պըլտեանի գրականութիւնը կարեւոր դեր ունի արեւմտահայերէնի զարգացման մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին