Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Հայ Սպան Կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովի Զինուորական Կոչումը Բարձրացուցած Են

Ազրպէյճանցի զինծառայող, հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած ժամանակ կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովի զինուորական կոչումը բարձրացուցած են։

Ազրպէյճանական «Minval.az»-ը կը գրէ, որ ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած տեղեկատուութեան համաձայն` սպայ Սաֆարովին շնորհուած է գնդապետ-հարիւրապետի կոչում:

2004-ի Փետրուար 19-ի գիշերը Ռամիլ Սաֆարովը թաքուն մտած էր Գուրգէն Մարգարեանի սենեակը եւ կացինահարած քնացած հայ սպան: Երկարատեւ դատական գործընթացէն ետք 2006-ի Ապրիլին Սաֆարովը Պուտափեշտի դատարանին կողմէ ցմահ ազատազրկման դատապարտուեցաւ` 30 տարի առանց ներման իրաւունքի: Հունգարական դատարանը բազմիցս յայտարարած էր, որ անհնար է Սաֆարովը արտայանձնէ Ազրպէյճանին, սակայն 2012-ի Օգոստոս 31-ին Սաֆարովը ան արտայանձնեց Ազրպէյճանին, ուր մարդասպանին նախագահ Ալիեւ անմիջապէս ներում շնորհեց, զինուորական բարձր կոչում տուաւ եւ միանուագ վճարեց  8 տարուան աշխատավարձը: Նոյն օրը պաշտօնական Երեւանը կասեցուց դիւանագիտական յարաբերութիւնները Պուտափեշտի հետ:

Թուրքիոյ մէջ յատուկ պատրաստութիւն անցած՝ Ազրպէյճանի Զինուած ուժերու սպայ Ռամիլ Սաֆարով 2004-ի Փետրուարին կը մասնակցէր ՆԱԹՕ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութիւն»  ծրագիրի ծիրէն ներս անգլերէնի դասընթացքներուն, որուն կը մասնակցէին նաեւ հայ սպաներ Գուրգէն Մարգարեանն ու Հայկ Մակուչեանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին