Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Ծառայակիցի Կրակոցէն Մահացած Է Զինծառայող Նարեկ Ադիբեկեանը

Նախորդող օր երեկոյեան ժամը 19:30-ին Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ ծառայակիցին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացած է  ՊԲ զինծառայող, 1996-ի ծնունդ Նարեկ Մարզպետունի Ադիբեկեանը:

Նարեկը Ռուսիոյ Փյաթիկորսք քաղաքէն էր, ան իր ընտանիքին հետ կը բնակէր այնտեղ: «NEWS.am»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Նարեկի ընկերները նշած են, որ Ռուսիոյ մէջ ծառայութիւնը աւարտելէ ետք ան վերադարձած է Հայաստան եւ այստեղ զորակոչած են բանակ եւ ծառայութեան տարած Արցախ: Ան Հայաստան եկած էր ուսանելու նպատակով, ան Երեւանի պետական համալսարանի Տնտեսագիտութեան եւ կառավարման բաժանմունքի ուսանող էր:

ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին