Արցախի Տիգրանակերտի հին դամբարանադաշտին մէջ արտասահմանեան գործընկերներու աջակցութեամբ պատճենահանում պիտի իրականացուի: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի հնագիտութեան խումբի ղեկավար Համլէտ Պետրոսեան:
Անոր խօսքով` հին դամբարանադաշտին մէջ դամբարանները լաւ չեն երեւիր եւ պէտք է հասկնալ, որ յաջորդ տարի՝ ո՛ւր պեղումներ պիտի իրականացուին: «Ատիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ այդ դամբարանները Տիգրանի ժամանակ կատարուած թաղումեր են: Մենք այդ վայրէն բացած ենք ընդամէնը երկու դամբարան, ուրկէ վեց արծաթէ դրամ գտած ենք»,- ըսած Համլէտ Պետրոսեան` նշելով, որ անոնք պարթեւական դրամներ են:
«Շատ հեռանկարային պիտի ըլլայ անկէ Տիգրանի դրամներ գտնելը»,- աւելցուցած է ան:
Հայաստանի հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի արշաւախումբը 2005-ին յայտնաբերած է Հայոց արքայ Տիգրան Բ. Մեծի (95-55 մ.թ.ա.) կողմէ Արցախի մէջ հիմնած Տիգրանակերտ քաղաքը եւ 2006-2008 թուականներուն հնագիտական պեղումներ կատարած է անոր տարածքին մէջ: Ան Տիգրանի անունը կրող միակ բնակավայրն է, որուն տեղը ճշգրտօրէն պարզուած է, եւ որ կ’ենթարկուի հնագիտական հետազօտութեան: