Նոր տարին գեղեցիկ ու երկար սպասուած տօն է, յատկապէս մանուկներու համար։ Կը թուի, թէ մենք ամէն ինչ գիտենք ու այլեւս բան չէ մնացած սորվելու եւ իմանալու այս հիասքանչ տօնի մասին։
Ամանորը կը մօտենայ: Ամէն մարդ իւրայատուկ ձեւով կը պատրաստուի՝ Նոր Տարին դիմաւորելու: Իւրաքանչիւր տօն իր մէջ կը պարփակէ գեղեցիկ խորհուրդ ու նշանակութիւն, որ արժէք եւ իմաստ կու տայ տօնակատարութեան:
Ամավերջի տօներու զուգադիպութիւնը ներկայ ժամանակներու մտածողութեան մէջ հանդուրժողական մթնոլորտ մը կը ստեղծէ՝ անհետացնելով պահ մը պատնէշուած մրցակից ու հակամարտնչող ոգին, որոնք դարձած են արդէն համամարդկային համախմբումի առիթ՝ կոչ ուղղելով ապրելու համար միասնաբար բնականօրէն առաջադրուած տօնական բնոյթ ունեցող փոխյարգանքի եզակի պահեր։
Շուտով ականատես պիտի ըլլանք մանուկ Նոր Տարին զուարթ ճախրանքով երկիր գալուն՝ իրեն հետ բերելով խինդ եւ խաղաղութիւն, ինչպէս նաեւ անոր զանազան սովորութիւններով, զարդարուած ծառերով եւ համադամ խոհանոցային պատրաստութիւններով:
Այս տօնական մթնոլորտին մէջ Շաբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ «Ararad Palace»-էն ներս տեղի ունեցաւ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանի կազմակերպած խրախճանքը Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի զոյգ տօներու առիթով՝ ներկայութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Հրայր Հովիվեանի, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինի ատենադպրուհի ընկերուհի Անի Լաչինեանի, վարժարանիս Հոգաբարձութեան ատենապետ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի եւ անդամներու, ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի եւ անդամներու, ծնողներու ու մօտիկ բարեկամներու:
Բացման խօսքը արտասանեց վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեանը, ուր բարի գալուստով ողջունեց ներկաները, ապա իր խօսքին մէջ առաջին հերթին ամանորեայ բարեմաղթանքները փոխանցելէ ետք ակնարկ մը նետեց կրթական այս օճախին անցնող 67 տարուան հարուստ պատմութեան վրայ՝ մատնանշելով այն տեսլականը, որ նորանոր վերելքի եւ յարատեւ բարգաւաճ ապագայի ձգտումներով պիտի շարունակէ իր հաստատուն երթը՝ դաստիարակելով նորանոր սերունդներ, որոնք պատիւ պիտի բերեն թէ՛ իրենց ընտանիքներուն եւ թէ՛ ազգին՝ չմոռնալով իրենց ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ գիտնալով, որ հայութիւնն ու հայկականութիւնը միակ ամրոցներն են, ուր հայը կրնայ ամուր զգալ ու գոյատեւել:
Անդրադառնալով վարժարանիս 67-ամեակին՝ վարժարանիս տնօրէնուհին երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց այն բոլոր նուիրեալներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս թիկունք կանգնած ու բարձրութեան վրայ պահած են Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանը, որ աննկուն կամքով ու միահամուռ ճիգերով պիտի դիմաւորէ բազմաթիւ տարեշրջաններ փայլուն ապագայի տեսիլքով:
Այս տարուան կազմակերպուած աւանդական Ամանորեայ խրախճանքին հասոյթը եւս պիտի յատկացուի վարժարանիս բարեզարդման, որպէսզի Ան իր շքեղ կառոյցով ի դերեւ հանէ օտար վարժարանի շքեղութիւնը, ինչպէս նաեւ այլազգի միջավայրերու մէջ օտար լեզուներու տիրանալու, իբր թէ աւելի մեծ կարելիութեան պատճառաբանութեամբ իրենց զաւակները օտար վարժարան տանող ծնողներու պատրուակը:
Տնօրէնուհին շնորհակալական ու երախտիքի խօսքեր ուղղեց ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինին, որոնք թեւ ու թիկունք կը կանգնին Վարժարանին, ՌԱԿ Կեդրոնական ու Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւններուն, Վահան Թէքէեան Վարժարանի հոգաբարձութեան, Վարժարանիս նորակազմ Ծնողաց Յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Սանուց Միութեան: Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ ընկ. Վարդան Գէորգեանին, որ իր կամաւոր աշխատանքով (նկարահանումով) օժանդակեց սոյն ճաշկերոյթին:
Երեկոն ճոխացուց հայկական, արաբական եւ միջազգային երգերով, լիբանանահայ գաղութի սիրուած երգիչ Արարատ Ահարոնեանը:
Երեկոյի ընթացքին տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, ինչպէս նաեւ բաշխուեցան բազմաթիւ վիճակահանութեան նուէրներ:
Հուսկ, կը մնայ բոլորին շնորհաւորել գալիք Ամանորն ու Սրբ. Ծնունդը՝ մաղթելով, որ 2018 տարին ըլլայ առողջութեան, խաղաղութեան, արեւշատութեան եւ յաջողութիւններով լեցուն բեղմնաւոր տարի մը:
Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ