Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԻԱ – Մէկ Ազգի Պահողը, Իրար Միացնողը Լեզուն Է Ու Հաւատը Խաչատուր Աբովեանի Տուն-Թանգարան

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

<<Հայ ազգը ո՛չ թրից ա վախենում, ոչ թուանքից,
ո՛չ թոփից: Կրակն ես գցում, էլի իր հաւատն ա 
պաշտում , ծառին ես կախ տալիս , էլի իր խաչն ա
պաշտում, որ մէկի մազին դիպչում ես, ասլան ա
դառնում, մարդի պատռում>>:
<< Վա՜յ է՛ն ազգին, որ աշխարքումս անտէր ա,
Վա՜յ է՛ն երկրին, որ թշնամու գերի ա,
Վա՜յ է՛ն խալխին, որ ինքն իր կեանքն, աշխարքը
Չի պահպանիլ ու հարամու ձեռ կը տայ>>:

Խաչատուր Աբովեան 

Քանաքեռը պատմական Հայաստանի հին ու նշանաւոր գիւղերէն է, որուն մասին առաջին անգամ կը յիշատակուի Հաղարծինի վանքի 1206 թուականի հին արձանագրութեան մէջ: Քանաքեռ անուան վերաբերեալ պահպանուած են տարբեր յիշատակումներ: Անոնցմէ մէկը կը յայտնէ, որ Քանաքեռը եղած է Նոյի Քամ որդիի բնակատեղին, որ հիմնադրուած է ջրհեղեղէն ետք: Սկիզբը կոչուած է Քամաքեռ, յետագային հնչիւնափոխուելով՝ դարձած է Քանաքեռ:

Քանաքեռի գեղատեսիլ բարձունքի վրայ վեհօրէն բազմած է հայ նոր գրականութեան հիմնադիր ու մեծ լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանը: Աբովեան հայ նոր գրականութեան յառաջադէմ մանակավարժութեան հիմնադիրն է, ժողովուրդին հասկնալի աշխարհաբար լեզուով կրթելու առաջին մունետիկը: Ծնած ըլլալով հայ նահապետական ընտանիքի մէջ՝ Աբովեանը, տակաւին պատանի, ականատես կ’ըլլայ օտար լուծի տակ հեծող ժողովուրդի տառապանքին եւ այնուհետեւ կ»ուխտէ ապրիլ ու մեռնիլ հայրենիքի համար: Նուիրական այս երդումին ան հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր կեանքի վերջը:

Այդ տնակը, ուր ապրած է Աբովեանը, հայութեան նուիրական սրբավայրերէն է: Իւրաքանչիւր ոք, որ հաղորդակից կը դառնայ հանճարեղ գրողի ու մտածողի սրտի արիւնով գրուած ստեղծագործութիւններուն եւ լուսաւորական պատգամներուն, ցանկութիւն կը յայտնէ այցի երթալ անոր ծննդավայրը` Քանաքեռ: Անցեալին տնակը փակ էր: Կը պատմեն, որ ուխտաւորները իրենց այրող սրտի խօսքն ու համբոյրը երկիւղածութեամբ կը դրօշմէին անոր պատերուն ու իրենց հետ ափ մը հող առած կը վերադառնային:

Հայ ժողովուրդի տասնամեակներու բաղձանքը, որ է՝ թանգարանի վերածուած տեսնել իր հոգեւոր մշակոյթի մեծ երախտաւորի ծնած խրճիթը, իրականացաւ միայն  1939 թուականին: Այն ժամանակ Աբովեաններու տոհմական տան հիւրասենեակի պատերուն հապճեպօրէն ամրացուեցան մի քանի ցուցանմոյշներ, որոնք կը պատմէին մեծ լուսաւորիչի կեանքի ու գրական-մանկավարժական գործունէութեան մասին, իսկ կից մառանին մէջ ի ցոյց դրուեցան տնային գործածութեան զանազան իրեր: 1948 թուականի Սեպտեմբերին Աբովեանի մահուան 100-ամեայ յոբելեանի առթիւ թանգարանի ցուցանմոյշները հարստացան, իսկ հինգ տարի անց՝ 1953 թուականի գարնան վերափոխուած հարեւան շէնքին մէջ բացուեցան նոր ցուցասրահներ: Աբովեանի կեանքի ու ստեղծագործութեան մասին պատմող նիւթերը փոխադրուեցան այդտեղ խրճիթին մէջ՝ ձգելով միայն կենցաղային գործածութեան իրեր: 1964 թուականի Ապրիլի 20-ի որոշման մէջ միջթանգարանային խորհուրդը կը նշէ, որ տուն-թանգարանը պէտք է հանդիսանայ Աբովեանի` մեր ժողովուրդին մատուցած մեծագոյն ծառայութիւնները գնահատելու լաւագոյն արտայայտութիւնը, Աբովեանին կեանքն ու գործունէութիւնը լայն զանգուածներուն ծառայեցնելու եւ ժողովրդականցնելու մշտաբորբոք օճախ մը, արդի թանգարանային սկզբունքով կառուցուած ու կահաւորուած հաստատութիւն:

Այս շաբաթ <<Զարթօնքի>> կանգառը մեծ լուսաւորիչի տուն-թագարանն է: Թանգարանը սերտօրէն կը համագործակցի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին հետ։ Այստեղ կը կազմակերպուին ապագայ մանկավարժներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնները եւ թանգարանագիտութեան բաժնի ուսանողներու գործնական պարապմունքները։ Դպրոցականներու եւ ուսանողներու համար կ»իրականացուին նաեւ կրթական ու ժամանցային ծրագիրներ։ 2018 թուականին թանգարանը պիտի նշէ իր 80-ամեակը: Այս եւ այլ թեմաներու մասին զրուցեցինք թանգարանի տնօրէն Վահրամ Քոսակեանի հետ:

«Զ.» – Պարո՛ն Քոսակեան, կ’ըսէ՞ք՝ ի՛նչ միջոցառումներ եւ ծրագիրներ կ’իրականանան այս թանգարանին մէջ:

«Վ. Ք.» – 2018 թուականին թանգարանը պիտի նշէ իր 80-ամեակը, որուն շրջանակներէն ներս մենք ունինք արդէն մշակուած որոշակի ծրագիրներ: Ընդհանուր զարգացումներու հետ կապուած ըսեմ, որ վերջին տարիներուն մենք առանձնակի ուշադրութիւն կը դարձնենք ոչ միայն  հիմնական առումով, դասական առումով թանգարանի հիմնարար պարտականութիւններուն, որ է՝ պահպանել արժէքները, այլեւ վերջին շրջանին կը ձեռնարկենք այնպիսի քայլերու, որով կարելի ըլլայ աւելի մեծ քանակի այցելուներ հաւաքել: Այս ուղղութեամբ կատարուած քայլերուն մէջ, եթէ նաեւ շերտեր առանձնացնենք, ապա այժմ կը փորձենք նաեւ զբօսաշրջիկներուն ներգրաւել, որ մեր առջեւ դրուած կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է: Բայց եթէ իմ անձնական կարծիքս պիտի յայտնեմ, ապա մեր կարողական շահառուներու մէջ դպրոցահասակ տարիքի երեխաներու առումով ամբողջ գործը չէ, որ ըրած ենք: Օրինակ՝ ենթադրենք թանգարանի մշտական ցուցադրութիւնը, որ իր բնոյթով պահպանողական է. անգամ մը, որ կազմուեցաւ, հաստատուեցաւ ա՛լ այդպէս պէտք է մնայ որոշ ժամանակ, բայց երբ մենք այդ ընթացքին ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ կ’ընենք, անոնք որոշ ժամանակով թարմութիւն կը մտցնեն եւ որոշ ժամանակահատուածի ընթացքին մեր այցելուներու քանակը կը սկսի աւելնալ: Այս տարի ժամանակաւոր չորս ցուցադրութիւն արդէն կազմակերպած ենք, որոնց մէջ փորձեցինք յատուկ ուշադրութիւն դարձնել այնպիսի թիրախային խումբի մը, որ մեր կարծիքով աւելի մեծ ուշադրութեան արժանի է: Խօսքս մեր մեծահասակներուն կը վերաբերի: Երեւան քաղաքի բոլոր համայնքներէն ունեցանք մեծահասակներու խումբեր, որոնց հետ կրթական ծրագիրներ իրականացուցինք `«ուղեւորութիւն դէպի Անի»: Ծրագիրի յաղթողներուն մօտաւորապէս նոյն ուղիով, որով անցած էր Աբովեանը, հասցուցինք մինչեւ Անի քաղաք: Այս ծրագիրը ցոյց տուաւ, որ մենք ուղղութիւնը ճիշդ ընտրած էինք, եւ մեր հասարակութեան այդ շերտը խորքին մէջ ունի անհրաժեշտութիւն ու կարիք թանգարանի հետ շփուելու: Հեռանկարներ ունինք, որ յառաջիկայ տարիներուն այս ծրագիրը շարունակութիւն կ’ունենայ:

Մեր ծրագիրները շատ են, բայց յաջորդ ծրագիրը, որուն կ’ուզէի յատուկ ուշադրութիւն դարձնել, իրականացուցած ենք Ապրիլի վերջը, որուն շրջանակներուն մէջ այցելեցինք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն  եւ «Մեծն լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեան» խորագիրով միջոցառում ունեցանք, որ իր բնոյթով գիտելիքներու վերաբերեալ հարցերուն գրաւոր կամ բանաւոր պատասխանելու խաղ-զբաղում էր, այսինքն՝ մեր գիտաշխատողներու կողմէ մշակուած հարցերը նախօրօք կ’ուղղարկուին, ապա ակադեմական ճշգրտուած նիւթը, որմէ կրնան մեծապէս օգտուիլ: Ուսուցիչները եւ մեր գիտաշխատողները իրարու հետ փոխադարձ փորձառութեամբ կ’աշխատին, որպէսզի երեխաները լաւ իւրացնեն նիւթը: Ղարաբաղ մեր այցելութիւնը համընկաւ նաեւ մայիսեան եռատօներուն, փորձեցինք այս ամբողջը համադրել, որուն արդիւնքով բաւականին յաջողուած միջոցառում մը մէջտեղ եկաւ: Այս միջոցառման իրենց մասնակցութիւնը բերին Ստեփանակերտի եւ Շուշիի Խաչատուր Աբովեանի անուան դպրոցները: Ծրագիրի յաջողութիւնը կը գոյանայ անով, որ մենք մեր նպատակին հասանք. այն է, որ այդ դպրոցներու մեր թիրախաւորած դասարաններուն մէջ նոր եղանակով ներկայացուեցաւ Աբովեանը եւ մենք ալ հիացած էինք անոնցմով:

Ուրիշ ծրագիրի մը եւս կը ցանկայի անդրադառնալ. այդ մէկը «Ընտանիքի տարի» Ծրագիրի շրջանակներուն մէջ  «Աբովեանի ընտանեկան մոտելը» խորագիրով միջոցառումն էր: Միջոցառման իրենց ներկայութեամբ մեզ պատուած էին Արգաւանդի Ս. Սարգիս եկեղեցիի քահանայ Տէր Գրիգորը, կինը` տիկին Անահիտը եւ իրենց եօթը որդեգիր զաւակներէն երկուքը: Այսօր մեր հասարակութեան մէջ կայ այսպիսի խնդիր մը՝ վերարտադրողական  գործառոյթի խանգարում, այսինքն՝ բոլոր զոյգերուն չէ, որ Աստուած զաւակ կը պարգեւէ: Տէր Գրիգորը իր տիպի մէջ եզակի ըլլալով՝ իր կնոջ հետ միասին իրենց որդեգիր երեխաներուն ոչ թէ ընտրած են՝ հաշուի առնելով լաւագոյն ծագումնաբանութիւնը, այլ ընտրած են համեմատաբար աւելի կարիքաւոր, ներառեալ նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաները: Ես շատ կ’ուզէի, որ քրիստոնեայի այս օրինակէն իրազեկ ըլլայ բոլորը:

«Զ.» – Ի՞նչ կապեր եւ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ: Ի՞նչ ներդրում ունի սփիւռքը թանգարանի կեանքին մէջ:

«Վ. Ք.» – Սփիւռքի հետ մեր ունեցած կապերն ու համագործակցութիւնը ես կը համարեմ անբաւարար, որովհետեւ այլ խնդիր է, որ սեփական նախաձեռնութեամբ մարդիկ կու գան, իսկ եթէ ըսեմ, որ մենք ունինք կանոնաւոր մօտեցում, որուն շնորհիւ մենք կրնանք զբօսաշրջիկներու այն մասին, որոնք ազգութեամբ հայ են եւ եկած են Հայաստան, բերել թանգարան, բայց մենք տակաւին այդպիսի ծրագիրներ չենք դներ մեր առջեւ, հակառակ անոր որ առաջին հայեացքէն այդ ուղղութեամբ բոլոր անհրաժեշտ պայմանները ստեղծուած են: Բայց եթէ ըսեմ, որ այս պահուն զբօսաշրջիկներու մեծ հոսանք ունինք, ապա ես չեմ ըսեր, որ սա իրականութիւնն է: Մշակոյթի նախարարի նախաձեռնութեամբ տպագրեցինք  որոշակի ծալաթերթիկներ ու կանոնակարգուած բաժնեցինք առաւելաբար զբօսաշրջիկներով յագեցած վայրերը, որ եւս որեւէ արդիւնք չտուաւ: Բայց եթէ կայ այլ տարբերակ, որ դեռ մեր մտքով չէ անցած եւ կան առաջարկներ, մենք սիրով կը լսենք բոլորին: Համագործակցութիւնը պէտք է փոխադարձաբար ըլլայ: Մենք պատրաստ ենք լսել առաջարկներ:

«Զ.» -Հրատարակչական ի՞նչ գործունէութիւն կը կատարէ թանգարանը:

«Վ. Ք.» – Մեր միջոցառումներուն ժամանակ մեր հանրահռչակման բաժնի աշխատողները շատ յաճախ հանդէս կու գան գիտական զեկուցումներով եւ, բացի անոնցմէ, տարեկան 1-2 յօդուած կը գրէ իւրաքանչիւրը: Ունինք նաեւ գիտ. խորհուրդ, որ կը հաստատէ այդ յօդուածները, այս տարի արդէն աւարտած են այդ յօդուածներուն հետ կապուած աշխատանքները:

Դեռ մի քանի տարի առաջ Փետրո Շաքարեան հեղինակը մեզմէ որոշակի աջակցութիւն խնդրեց նիւթերու առումով, մենք ալ տրամադրեցինք եւ ան անգլերէն լեզուով հրաշալի գիրք գրեց՝ «Ճանապարհորդութիւն դէպի Արարատ» վերնագիրով, որ կը ներկայացնէ առաջին անգամ Աբովեանի Արարատ նուաճելու ամբողջ պատմութիւնը եւ նախապատմութիւնը: Գիրքը իր մէջ նաեւ բաւականին մեծ գիտական կարողականութիւն կը պարունակէ եւ ունի նաեւ հսկայական պատմութիւն տարածաշրջանի վերաբերեալ, որ ոչ միայն գեղարուեստական առումով, այլ նաեւ գիտական առումով բաւականին հետաքրքիր աշխատութիւն է: Մենք մեր գիտ. խորհուրդի կողմէ անցած տարի հաստատած ենք եւ այս տարուան ընթացքին արդէն թարգմանած ենք այս գիրքի մէկ մասը: Նպատակ ունինք երկու տարուան ընթացքին աւարտել ամբողջ գիրքի թարգմանութիւնը:

«Զ.» – Ի՞նչպէս կ’իրականանայ մշտական ցուցադրութիւնը, քանի՞ սրահներու մէջ :

«Վ. Ք.» – Մշտական ցուցադրութիւնը երրորդ յարկը 12 մասէ բաղկացած է, որ կը սկսի Քանաքեռէն եւ կ’աւարտի «անյայտացում» բաժինով: Մշտական ցուցադրութեան մէջ ունինք նաեւ տոհմատունը, ուր ներկայացուած է տունը: 1805 թուականին հոն ծնած է Խաչատուր Աբովեանը, որ 18-րդ դարու երկրորդ կէսին կառուցած է մեծ Աբովի թոռնիկը Պրն. Աբովը՝ Խաչատուր Աբովեանի մեծհայրը: Ակնյայտ է, որ Աբովենց տոհմական տունը ենթարկուած է ձեւափոխումներու, բայց հիմնականօրէն պահպանուած է այն տեսքով, ինչպիսին եղած է 200 տարի առաջ: Բաղկացած է չորս յարկաբաժիններէ` թոնրատուն, հիւրասենեակ եւ պատշգամ:

Զբօսարշաւները կ’իրականանան հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, բայց առիւծի բաժինը կը կազմեն հայերէն լեզուով զբօսարշաւները, որովհետեւ եթէ մօտաւոր տոկոսային յարաբերութեամբ ըսեմ, ապա քանակապէս 60%-էն աւելին դպրոցահասակ երեխաներն են: Այն մօտեցումները, որ «երեխան եկաւ, լսեց, սորվեցաւ եւ գնաց», ժամանակակից երեխային չեն բաւարարեր, եւ մենք արդէն թանգարանը ունինք հինգ կրթական ծրագիր, միաժամանակ այդ կրթական ծրագիրները փորձած ենք տարիքային հոգեբանութեան սկզբունքներու կիրարկմամբ ընել, այսինքն՝ կրթական ծրագիրներ են մինչեւ չորրորդ դասարանի աշակերտներու, միջին դասարաններու եւ բարձր դասարանի աշակերտներու համար: Նոյնիսկ ծրագիր ունինք արհեստագործական բնոյթի կազմակերպութիւններու համար: Միւս տարուան համար նախատեսած ենք համացանցային բնոյթի կրթական ծրագիրներ իրականացնել` հպազգայուն  պաստառի օգտագործմամբ, որովհետեւ ժամանակակից սերունդին շատ աւելի հեշտ ու մատչելի են այս եղանակները, ի հարկէ, չենք հրաժարիր դասական մօտեցումներէն, բայց նաեւ՝ որպէս այլընտրանք, կ’առաջարկենք այս ծրագիրը, որպէսզի թանգարանը հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնը մնայ, չկտրուի կապը հասարակութեան հետ: Այս առումով բաւականին յաջողութիւններ ունինք:

Միւս ուղղութիւնը, որուն կ’ուզէի անդրադառնալ, յուշանուէրային տնտեսութիւնն է, զոր այս տարի ստեղծած ենք: Եթէ անցեալին օրինակ ունէինք՝ եռալեզու ուղեցոյցներ, հիմա քիչ մը ընդլայնած ենք, ունինք ութ տեսակի Աբովեանական բացիկներ,  մագնիսներ՝ Աբովեանի կերպարով , գրիչներ, բաժակներ, էջանիշեր, կախազարդեր եւ այլ յուշանուէրներ:

«Զ.» – Աբովեանը մէկն էր այն ազնիւ, բանիմաց եւ արդարամիտ անձնաւորութիւններէն, որոնց մենք կեանքի ընթացքին հազուադէպ կը հանդիպինք: Այսօր իր տան դռները Քանաքեռի բարձունքէն միշտ բաց է այցելուներուն համար: Յիշեցնեմ, որ թանգարանը կը գտնուի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանը  (2-րդ փողոց, 4 տուն):

Հեռ. +374-10-284686 

Ել-հասցէ`  museum@abovyanmuseum.am

Կայք` www.abovyanmuseum.am

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին