Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

ՀՀ ԱԺ Հայաստան-Իրան Բարեկամական Խումբին Ընդունած Է Իրանի Խորհրդարանի Նախագահ Ալի Լարիժանին

Աշխատանքային այցով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ գտնուող ՀՀ ԱԺ Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբի պատուիրակութեան՝ Վահրամ Պաղտասարեանի գլխաւորութեամբ Դեկտեմբեր 11-ին ընդունած է ԻԻՀ Մեճլիսի նախագահ Ալի Լարիժանին: Պատուիրակութեան կազմին մէջ են ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ Կորիւն Նահապետեանը, Վահէ Էնֆիաջեանը, Նիկոլ Փաշինեանն ու Աղուան Վարդանեանը:

Ինչպէս «Արմենփրէս»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ Ազգային ժողովի հանրային կապերու վարչութիւնէն, Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբի ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ընդունելութեան համար եւ կը վերահաստատէ իրանական կողմի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ նշելով, որ դեռ ընելիքներ կան, յատկապէս առեւտրա-տնտեսական, էներգետիկ եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ: Պատուիրակութեան անդամները ներկայացուցած են իրենց տեսակէտները ԻԻՀ եւ ՀՀ բարեկամութեան ու քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման մասին: Անոնց գնահատմամբ՝ հայ-իրանական յարաբերութիւնները եղած են եւ կը շարունակեն մնալ եղբայրական:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին