Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Հիւսիսային Պողոտայի Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի Աւանդական Տօնավաճառը Բացուած է

Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Փասքալ եւ Տիոտաթօ» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ մայրաքաղաքի հիւսիսային պողոտային մէջ տեղի ունեցաւ  արդէն աւանդական դարձած Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան տօնավաճառի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: 6-րդ տարին անընդմէջ տեղի ունեցող տօնավաճառի բացման պատիւը այս անգամ վերապահուած է ամերիկահայ երգիչ, երգերու հեղինակ, «Կրեմմի» մրցանակակիր «Capital Cities» փոփ խումբի անդամ Սեպուհ Սիմոնեանին:

Տօնավաճառի բացման արարողութեան ներկայ գտնուած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը, կը յայտնէ քաղաքապետարանի մամուլի ծառայութիւնը:

Տօնավաճառի մօտ 40 տաղաւարները կը ներկայացնեն Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան խորհրդանիշներ, տօնական զարդեր, յուշանուէրներ, տօնական կերակրատեսակներ եւ այլն: Յատկանշական է, որ կան նաեւ շարք մը բարեգործական տաղաւարներ:

Տօնավաճառը բաց պիտի մնայ մինչեւ 2018 թուականի Յունուար 7-ը, ամէն օր` ժամը 10:00 – 22:00:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին