Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Թիֆլիսի Մէջ Մեկնարկած են Հայ Ժամանակակից Երաժշտութեան Օրերը

Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ Դեկտեմբեր 10-ին մեկնարկած են հայ ժամանակակից երաժշտութեան օրեր:

Նախագիծը տեղի կ’ունենայ Հայ-վրացական մշակութային համագործակցութեան ծիրէն ներս Հայաստանի կոմպոզիտորներու (երգահաններու-ԵՌԳ․) միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Վրաստանի կոմպոզիտորներու միութեան գործընկերութեամբ: Ծրագիրի նպատակն է հայ ժամանակակից երաժշտութեան հանրահռչակումը եւ տարածումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ մշակութային կապերու ամրապնդումն ու զարգացումը:

Եզրափակիչ համերգը տեղի կ’ունենայ  Դեկտեմբեր 11-ին Վրաստանի կոմպոզիտորներու միութեան դահլիճին մէջ:

Հայ ժամանակակից երաժշտութեան օրերու ծիրէն ներս կը կատարուին երգահաններ՝  Արամ Սաթեանի, Ռոպերթ Աթայեանի, Գագիկ Հովունցի, Լեւոն Չաւուշեանի,  Վահրամ Պապայեանի, Կոնսթանթին Պետրոսեանի, Վաչէ Շառաֆեանի, Ջենի Ասատրեանի, Գրիգոր Առաքելեանի, Աշոտ Ղազարեանի, Նարինէ Զարիֆեանի, Յովհաննէս Մանուկեանի եւ Էդմոնդ Մակարեանի կամերային ստեղծագործութիւնները:

Նախագիծին աջակիցն է ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը:

2015-ին Երեւանի, Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ տեղի ունեցած էին վրաց ժամանակակից հեղինակներու ստեղծագործութիւններու 3 համերգ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին