Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

«Ֆրանսայի Մէջ Արցախի Օրեր» Փառատօնի Ծիրէն Ներս Նախատեսուած Ձեռնարկները կը Շարունակուին

«Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր» փառատօնը, որ մեկնարկած է Նոյեմբեր 21-ին` Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի մասնակցութեամբ Վիլէոպան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր ձեռնարկով, տակաւին կը շարունակուի:

ԱԽ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` այս օրերուն փառատօնը հիւրընկալուած է Տրոմի նահանգի Վալանս եւ Պուրգ-լէ-վալանս քաղաքներուն մէջ, ուր տեղի կ’ունենան Արցախի մշակոյթն ու առօրեան ներկայացնող բազմաթիւ ձեռնարկներ:

Դեկտեմբերի սկիզբը Վալանսի մէջ կայացած է ֆրանսահայ բեմադրիչ Առնօ Խայաճանեանի «Մենք ենք մեր սարերը» վաւերագրական ֆիլմին ցուցադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի լուսանկարիչ Իվան Թրաւըրի «Արցախ. Երկրի մը ոգին» ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսի 15 օրերուն ընթացքին այցելուներուն կը ներկայացուի նաեւ Հիւլէ Քէշիշեանի «Արցախը 180 վայրկեանի մէջ» պատկերաւոր ֆիլմը: Յատկանշական է, որ ցուցահանդէսը ներառուած է Վալանս քաղաքի դպրոցական ծրագիրին մէջ, որուն շնորհիւ վալանսցի դպրոցականները հնարաւորութիւն ունին ծանօթանալու Արցախին:

Պուրկ-լէ-վալանս քաղաքի ամանօրեայ տօնավաճառին ներկայացուած էր նաեւ արցախեան տաղաւարը` Արցախի մասին տեղեկատուական գրքոյկներով, զբօսաշրջային ուղեցոյցներով ու արցախեան արտադրանքով: Տօնավաճառին բացման առիթով իր ելոյթին մէջ քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէն վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Արցախին` յայտարարելով, մասնաւորապէս, որ «2014 թուականին Շուշիի հետ Բարեկամութեան հռչակագիր կնքելէն ի վեր Պուրկ-լէ-վալանսը կանգնած է Արցախի ժողովուրդի կողքին»:

Տրոմի նահանգային խորհուրդի շէնքին մէջ մեկնարկած է ֆրանսացի յայտնի գծանկարիչ Սիլուէն Սաւոյեայի «Ճամբորդութիւն Արցախ» գծանկարներուն տասնօրեայ ցուցահանդէսը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին