Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Սահմանամերձ Զօրամասի Զինուորները Ուխտագնացութիւն Կազմակերպած են Դէպի Գոշավանք

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Գեղարքունեաց թեմի Ճամբարակի տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Պսակ քահանայ Մկրտչեանի եւ սահմանամերձ զօրամասի սպաներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է ժամկէտային զինծառայողներու ուխտագնացութիւնը դէպի Գոշավանքի եկեղեցական համալիր:

Ըստ «Armenpress.am»-ի` ուխտագնացութեան մասնակցած են զօրամասի 14 լաւագոյն զինուորները, իսկ սպայական անձնակազմը ներկայացուցած են փոխգնդապետ Արտակ Գէորգեանը, հազարապետ Արբակ Սարգսեանը եւ Արէն Ոսկանեանը:

Զինուորները մոմեր վառած են, աղօթած եւ մասնակցած են պատարագին: Քարոզի օրուան թեման եղած է «թզենիի առակ»-ը, որ Գոշավանքի հոգեւոր սպասաւոր հայր Սեդրակը մանրամասնօրէն մեկնաբանած է զինուորներուն` բացատրելով ապաշխարութեան խորհուրդը: Զինուորները այցելած են Գոշավանքի գրադարան: Հայր Սեդրակը անոնց ծանօթացուցած է Մխիթար Գոշի կեանքին ու գործունէութեան, ապա անոնց ուղեկցած է մեծ փիլիսոփայի, իրաւաբանի եւ առակագիրի շիրիմին մօտ: Զինուորները Տէր Պսակի եւ սպաներու հետ լուսանկարուած են բարի յիշողութիւններու համար, ապա վերադարձած զօրամաս:

«Այսօր մեր զինուորները հաղորդակից եղան թէ՛ գրական ու մշակութային, թէ՛ քրիստոնէական արժէքներուն: Անոնք, ինչո՛ւ ոչ, նաեւ մենք` սպաներս, սորվեցանք «թզենիի առակ»-ը, ստացանք Տէր Պսակի հօր յորդորներն ու խրատները` պարբերաբար եկեղեցի յաճախելու եւ աղօթելու, հաղորդուեցանք մեր ազգի պատմութեան, Մխիթար Գոշի նման մեծանուն հայու կեանքին ու գործունէութեան մասին կարեւոր տեղեկութիւններ քաղեցինք»,- նշած է հազարապետ Արբակ Սարգսեանը:

«Նման ուխտագնացութիւններ յաճախակի պէտք է կազմակերպենք, որպէսզի հայ զինուորը իր հայրենի աշխարհի հոգեւոր արժէքները իւրացնէ, յստակ ճանչնայ պատմութեան ու բնութեան յուշարձանները, աւելի սիրով լեցուի հայրենիքի, մերձաւորներու հանդէպ, ծառայութեան ընթացքին ունենայ բովանդակալից, յիշարժան օրեր»,- նշած է Տէր Պսակ քահանայ Մկրտչեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին